Ուրբաթ գիշեր Իրաքի Զի Քար նահանգի կեդրոն Նասիրիայի Հարաւային հրապարակին վրայ նստացոյցի վրաններէն մէկուն ականահարումէն ժամեր ետք, ցուցարարներ դարձեալ հաւաքուեցան նստացոյցի հրապարակ` բողոքելով վերջին օրերուն գործիչներու սպանութիւններուն ու ահաբեկումներուն դէմ:
«Արապիա» կը հաղորդէ, որ ցուցարարները, շաբաթ օր անիւներ հրկիզեցին, ապա քանդեցին Զի Քարի մէջ իրանամէտ ուժերու կեդրոններ` նախկին վարչապետ Նուրի Մալիքիի Տահուա կուսակցութեան կեդրոնը, Քայս Խազղալիի ղեկավարած Ասայեպ Ահլ Հաքի զինուորական կեդրոնը, Հատի Ամրիի ղեկավարած Պատր կազմակերպութեան կեդրոնը, Ամմար Հաքիմի ղեկավարած Հիքմէ հոսանքի կեդրոնը, Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Իրաքեան Հըզպալլայի ղեկավարներէն Ժապպար Մուսաուիի տունը:
Խումբ մը ցուցարարներ շաբաթ առաւօտեան փակեցին քաղաքին կեդրոնը գտնուող Իպրահիմ Խալիլ թաղը, որ Նասիրիայի կեդրոնը գտնուող կենսական ճամբայ մըն է:



