Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիա Եւ Պահրէյն Կը Պատրաստուին Իսրայէլի Հետ Համաձայնութիւն Կնքելու

August 19, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռիատ կը փորձէ ներդրումներ ներգրաւել` տնտեսական վերափոխումը ֆինանսաւորելու համար:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ետք, Սէուտական Արաբիան ու Պահրէյնը կը պատրաստուին Իսրայէլի հետ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ համաձայնութիւններ ստորագրելու:

Թել Աւիւ եւ Ապու Տապի 13 օգոստոսին յայտարարած էին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութեան գոյացման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապի21» կայքը:

Լրատու աղբիւրին համաձայն, «մօտ օրէն» պաշտօնական մակարդակով տեղի պիտի ունենայ արաբական երկու երկիրներուն եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Նոյն ատեն, կը նշուի, որ այս քայլը ուղղուած է «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին սատարելուն` (նախագահական) ընտրութեան մէջ յաղթելու իր կարելիութիւններու նուազելուն լոյսին տակ»:

«Թրամփի վերընտրուիլը կարեւոր է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի համար` պահպանելու իր իշխանութիւնը», աւելցուցած են կայքին զրուցակիցները:

Ըստ «Տը Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու` Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու որոշումը կրնայ Սէուտական Արաբիան ստիպել խորացնել Իսրայէլի հետ իր գաղտնի յարաբերութիւնները, որովհետեւ Ռիատ կը ձգտի ներդրումներ ներգրաւել` տնտեսական վերափոխումը ֆինանսաւորելու համար:

Արաբական ծոցի երկիրներու շարքին Սէուտական Արաբիոյ սերտ դաշնակից Պահրէյնը առաջինն էր, որ շնորհաւորեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները այդ գործարքին համար:

Պահրէյնէն ետք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութիւններուն շնորհաւորեց նաեւ Օմանը: Եգիպտոսը դարձաւ առաջին երկիրը, որ գոհունակութիւն յայտնեց գործարքէն: Ի տարբերութիւն Եգիպտոսի եւ Պահրէյնի, Թուրքիան, Պաղեստինեան իշխանութիւնը, Իրանն ու Լիպիան դատապարտեցին Իսրայէլի հետ Ապու Տապիի գոյացուցած համաձայնութիւնը:

Նախորդը

Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը Թուրքիոյ Եւ Քաթարի Հետ Զինուորական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրած Է

Յաջորդը

Ալիեւ Պաշտօնազրկած Է Վրաստանի Եւ Սերպիոյ Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանները

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.