Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Անգարա կրնայ պաշտօնապէս սառեցնել Ապու Տապիի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները` հակադարձելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման»:
Էրտողան Պոլսոյ մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Մեր արտաքին գործոց նախարարութեան ցուցմունք տուի, ըսի, որ կրնան սառեցնել Ապու Տապիի կառավարութեան հետ մեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները կամ տուն կանչել մեր դեսպանը»:



