Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոնի Ղեկավարը` Պէյրութի Պայթումին Եւ Անոր Պատճառներուն Մասին

August 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարք Էսփըր յայտարարեց, որ տակաւին չէ յստակացած, թէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը «դիտաւորեալ յարձակո՞ւմ էր, թէ՞ արկած»:

Ան նշեց, որ ամերիկեան կառավարութիւնը ամէն ջանք պիտի թափէ լիբանանցի ժողովուրդին օգնելու համար:

Էսփըր «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Քանդիչ հարց, մարդոց համար կը ցաւիմ»:

«Իրապէս ունինք օդանաւեր, որոնք արդէն պատրաստ են օժանդակութիւնները մատակարարելու, եւ կ՛ուզենք մեր կարելին ընել օգնելու լիբանանցի ժողովուրդին` իր կարիքի ժամուն», աւելցուց ան:

Ինչ կը վերաբերի պայթումի պատճառներուն եւ Թրամփի` զայն յարձակում նկատելուն շուրջ յառաջացած վէճին, Էսփըր ըսաւ. «Վերջնական առումով տակաւին չենք գիտեր»:

«Ինչպէս գիտէք, առաջին օրը, ինչպէս նախագահ Թրամփ ըսաւ, կարծեցինք, թէ թերեւս յարձակում է, եւ մեզմէ ոմանք այն մտածումը ունէին, թէ օրինակի համար, պայթողները Հըզպալլային պատկանող պահ դրուած զէնքեր էին կամ թերեւս Հըզպալլային պատկանող զէնքի արտադրութեան կառոյց մը», նշեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը:

Էսփըր քննադատեց կարգ մը լրատուամիջոցներ` առանց նշելու զանոնք, յայտնելով. «Հարցին մասին խօսելով մեկնաբանեցի, թէ ատիկա կը նմանի արկածի, եւ ցաւալի է, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ կը փորձեն վարչակարգին մէջ պառակտում յառաջացնել, թերեւս իմ,  նախագահին եւ ուրիշներու միջեւ»: Ան աւելցուց, որ այդ լրատուամիջոցներուն ըսածները  «պարզապէս ճիշդ չեն»:

«Իրականութեան մէջ, ատիկա մեծ աղէտ է, եւ նախագահի ղեկավարութեան տակ մեր բոլոր ջանքերը պիտի թափենք լիբանանցի ժողովուրդին օգնելու եւ ճիշդը կատարելու», ըսաւ Փենթակոնի ղեկավարը:

Նախորդը

Կեանքի Կոչուեցաւ «Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին»-ը

Յաջորդը

«Լիբանանի Հայութիւն, Մեր Ամբողջ Ազգը Քեզի՛ Հետ Է: Լիբանանի Հայութեան Հզօրացումը Հայաստանի Ու Սփիւռքի Հզօրացումն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.