Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ը` Միշտ Ժողովուրդի Կողքին

August 8, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ հայորդիներ,

4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին անսպասելի  պայթումը ցնցեց ամբողջ Լիբանանը եւ արտասովոր վիճակ մը ստեղծեց ամէնուրեք:

Պայթումին հետեւանքով ստեղծուած աւերը,   մարդկային ու նիւթական վնասները կարելի չէ բնութագրել քանի մը բառով:

Հակառակ անբնական իրավիճակին եւ աղէտալի պայմաններուն, լիբանանահայ օգնութեան խաչը իր ուժերը համալրեց եւ փութաց ժողովուրդին:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը պատրաստ էին ընդունելու իրենց դիմող բոլոր վիրաւորները: Պարտականութեան գիտակցութեամբ կեդրոնի բժիշկներ եւ անձնակազմի անդամներ, անտեսելով ամէն դժուարութիւն, ջանացին ամոքել իրենց դիմող հիւանդներուն, պարագաներուն ցաւերը: Աւերուած կեդրոնին մէջ թէ անկէ  դուրս մեր բժիշկներն ու հիւանդապահները կատարեցին վիրաբուժական ամէն տեսակի գործողութիւն: Ճգնաժամային էր կացութիւնը: Պէտք էր անմիջական լուծումներ ապահովել եւ հասնիլ բոլորին անխտիր: Հասնիլ մանուկին, երիտասարդին, տարեցին, ամէնէն կարեւորը` հասնիլ ե՛ւ հայրենակիցին, ե՛ւ օտարին առանց բացառութեան:

«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի բժշկական անձնակազմին կողքին պէտք է նշել, որ պայթումին օրն ու անոր յաջորդող օրերուն ԼՕԽ-ին օգնութեան ձեռք երկարեցին շրջաններու մեր դաշնակցական  տղաքը, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան մեր ընկերներն ու ընկերուհիները եւ ԼՕԽ-ի մարդասիրական գործունէութեան հաւատացող երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ: Անոնք հոն էին խաչուհիներէն առաջ:

Շրջաններու ակումբներուն ընկերներուն ջանքերով կեդրոն հասնող հիւանդները ստացան համապատասխան բուժումներ: Կեդրոնի թաղամասին մէջ յառաջացած խուճապին ապահովութիւնը, հիւանդներուն հետ կապը կատարեցին մեր ընկերներն ու ընկերուհիները:  Աւելի՛ն. անոնք ընկերացան հիւանդանոցներ փոխադրուելու կարիք ունեցող վիրաւորներուն:

«Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» նշանաբանը ինքզինք պարտադրող հրամայական մըն էր ԼՕԽ-ին համար:

Աղէտը մեծ էր, գերբնական ճիգեր պէտք էին` դուրս գալու համար անկէ:

Եւ այդպէս ալ եղաւ: Աղէտի օրն ու յաջողդող օրերուն «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը ընդունեց 240 պարագաներ, որոնց տրամադրուեցան բժշկական  անվճար ծառայութիւններ:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը անգամ մը եւս շրջանցեց յառաջացած անբացատրելի տագնապը: Խաչուհին միշտ պատրաստ է կամաւորաբար ծառայելու ժողովուրդին:

ԼՕԽ-ը միշտ պատրաստ է պատնէշի վրայ ըլլալու եւ ժողովուրդին թիկունք կանգնելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ

 

 

Նախորդը

Կոչ` Զօրակցելու Լիբանանի Մեր Հայրենակիցներուն

Յաջորդը

Պէյրութը` Աւերակ, Արիւնլուայ Ու Սգաւոր

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.