Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւանդութիւնս Խախտեցաւ, Տղա՛ք

July 25, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Նախորդ տարիներուն ես յօդուածով մը անդրադարձայ Լիզպոնի գործողութեան, այս տարի, սակայն, ապրումով պիտի խօսիմ, կարճ եւ միեւնոյն ատեն կուռ եւ անկեղծ ապրումով մը:

2017-ին յուլիս ամսուն առաջին անգամ ըլլալով ոտքս դնելով լիբանանեան հողին վրայ, առաջնահերթ գործերէս մէկը եղաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան գտնուած վայրը ճշդել: Անպայման ուզեցի հոն երթալ, աչքերովս տեսնել եւ ձեռքերովս դպչիլ խորհրդաւոր գերեզմանի մը: Ընկերներէս ուղղութիւն հարցուցի եւ քալեցի, քալեցի ու հասայ… ու գտայ իմ փնտռածս: Չեմ կրնար բացատրել, թէ ի՛նչ զգացի տղոց շիրիմին դիմաց կենալով: Զգացումներս շատ զօրաւոր էին եւ անփոխանցելի, սակայն մէկ բան հաստատ կրնամ ըսել, որ եթէ նախքան Լիբանան իմ այցելութիւնս «Եու Թիուպ»-ի վրայ դիտելով հինգին նուիրուած տեսերիզները` կը ցաւէի, երբեմն ալ արցունք կը թափէի, որ այդպիսի տղաքը գացին անվերադարձ, այս անգամ ցաւ չզգացի, այլ անհուն հպարտութիւն եւ անբացատրելի բաւարարութիւն:

Այո՛, այն ատեն շատ սիրեցի հայ ըլլալ: Յետոյ, 2018-ին եւ 2019-ին, միշտ յուլիս ամսուն գալով Լիբանան, առաջին հերթին կ՛այցելէի Լիզպոնի տղոց գերեզմանը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ այս ձեւով հաշուետուութիւն կու տայի տղոց, որ անցած տարի հայօրէն ապրեցայ եւ նոյն ատեն անոնցմէ օրհնութիւն կը ստանայի յաջորդ տարի եւս հայ մնալու վճռակամութեամբ ապրելու: Միշտ կ՛ուզէի ոգեկոչման քայլարշաւին մասնակցիլ եւ` ջահը ձեռքիս, շեփորախումբին նուագակցութեամբ քալել, բայց երբեք չկրցայ` դժբախտաբար:

Հիացմունքի արժանի են այս տղաքը: Արժանի են իրենց կեանքով, գործով եւ մանաւանդ նահատակութեամբ: Կը հիանամ Սեդոյի պաղարիւնութեամբ, որովհետեւ, ես ալ հայր ունենալով, միշտ կը մտածեմ` արդեօք պիտի կարենայի՞ հօրս խանութէն ելլելէն ետք վերադառնալ, իմ վիզէն հանել խաչը եւ իր վիզը անցընելով ըսել, որ բանակումի կ՛երթամ, կրնայ կորսուիլ` քաջ գիտնալով, որ գործողութեան մը պիտի մասնակցիմ եւ չվերադառնամ այլեւս: Կը հիանամ Սիմոնի նուիրուածութեան ուժով, որովհետեւ մենք ալ կը հաւաքուինք ընտանիքի անդամներով, սակայն ես միշտ կը մտածեմ արդեօք պիտի գտնէի՞ այդ ուժը` սպասելով, որ բոլորը հաւաքուին եւ յետոյ առյաւէտ բաժնուիմ հարազատներէս: Կը հիանամ Արայի եւ Սագոյի վճռականութեամբ, որոնք, առանց հօր մնացած եւ լիովին գիտակցելով իրենց պատասխանատուութիւնը սեփական ընտանիքի հանդէպ, երբեք չվարանեցան իրենց կեանքը զոհաբերելու` յանուն վեհ տեսլականի մը: Կը հիանամ Վաչէի հայրենասիրութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ, որ միշտ հայութեամբ մտահոգ էր եւ նոյնիսկ մանուկ հասակին մանկապարտէզէն տուն գալով իր մօր ըսաւ, որ վաղը երբ մեծնայ դանակ պիտի առնէ եւ մորթէ թուրքերը: Իմ հիացմունքը միօրեայ, քսանեօթը յուլիսեան աժան զգացում մը չէ, այլ մնայուն ապրում մը:

Այո՛, տկարութեան ատեն, դժուար պահերուն կամ պարզապէս երբ միտքս անհանգիստ է, պարզ օր ըլլայ, Կաղանդ կամ Զատիկ, «Եու Թիուպ»  կը բանամ, Լիզպոնի տղոց մասին տեսերիզներ կը դիտեմ եւ կը լիանամ, մանուկի մը պէս բաւականութիւն կը զգամ:

Տղա՛ք, ես խորապէս կը խոնարհիմ ձեզի դաստիարակած ձեր ծնողքին դիմաց: Խորապէս կը խոնարհիմ ձեր աներեր վճռականութեան դիմաց: Փա՜ռք ձեր ասպետական խոյանքին, փա՜ռք ձեր անմոռանալի նահատակութեան, փա՜ռք ձեր սրբազան խենթութեան: Այս տարի, դժբախտաբար, չկրցայ Լիբանան գալ եւ դպչիլ սառն շիրմաքարին, որուն տակ կը ննջեն ձեր բոցավառ եւ կրակոտ սիրտերը:

Չկրցայ տղա՛ք…

Ներեցէք…

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Լիզպոնը Եւ Անգարայի Բարձրագոյն Նիստերը

Յաջորդը

Լիզպոնի Տղոց Նուիրուած Հրատարակութեան Մը Դէմ Յանդիման («Սրբազան Խաչելութիւն»)

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.