Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Արցախի Մէջ Ականազերծման Համար 1,4 Միլիոն Տոլար Տրամադրելու Բանաձեւը

July 25, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը, ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրած է Արցախի մէջ մարդասիրական ականազերծման համար 1,4 միլիոն տոլար արժողութեամբ օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ բանաձեւը:

Քոնկրեսական Ճաքի Սփիրի ներկայացուցած բանաձեւը որդեգրուած է 186 թեր, 170 դէմ քուէներով: 1,4 միլիոն տոլար օգնութիւնը պիտի յատկացուի «ՀԱԼՕ Թրասթ» ընկերութեան կողմէ կատարուող ականազերծման աշխատանքները շարունակելու համար:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Քոնկրեսի Ազրպէյճանի հարցով խորհուրդի համանախագահ Սթիւ Քոհենի ներկայացուցած փոփոխութիւնը, որ կ՛աջակցի Արցախի մէջ մարդասիրական ականազերծման համար օգնութեան ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու ֆինանսաւորման դադրեցման, օրակարգի վրայ չէ առնուած:

Ներկայացուցիչներու տան անդամ Հենրի Քուէյիարի առաջարկած նոյնպիսի թշնամական փոփոխութիւնը յետս կոչուած է: Բացի ատկէ, յանձնախումբը քննարկումէն դուրս բերած է Հայաստանի օգնութիւնը 20 միլիոն տոլարով աւելցնելուն աջակցող փոփոխութիւնը:

Յիշեցնենք, որ շուրջ երեք ամիս առաջ որոշուած էր Արցախի մարդասիրական ականազերծման համար տրամադրուելիք 1,4 միլիոն տոլար օգնութիւնը յատկացնել մէկ այլ` կրթական եւ մշակութային փոխանակման ծրագիրի:

Միացեալ Նահանգներ Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրները կը ֆինանսաւորեն 1998 թուականէն ի վեր: Արցախին ցուցաբերուող օգնութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր յարձակումի կ՛ենթարկուի Ազրպէյճանի վարչակարգի կողմէ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի առցանց կայքերու միջոցով տասնեակ հազար փաստաբաններ կապ հաստատած են Քոնկրեսի հետ` աջակցութիւն յայտնելով Արցախի ականազերծման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու օգնութեան շարունակման:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Յաջորդը

ԱԱԾ-ն Բացայայտած Է Ազրպէյճանի Յատուկ Ծառայութիւններու Կողմէ Տեղեկութիւններ Ստանալու Փորձերը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.