Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ . Լոտրիան Կարեւորութեամբ Կը Շեշտէ Բարեկարգումները Գործադրելու Անհրաժեշտութիւնը

July 24, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան երէկ հաստատեց, որ Պէյրութ այցելութեան իր կարգախօսն է` «Մեզի օգնեցէ՛ք, որպէսզի օժանդակենք ձեզի»:

Նախանցեալ գիշեր Լիբանան հասած ֆրանսացի պաշտօնատարը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի, երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն` հաստատելով, որ Լիբանանի ակնկալութիւնն է, որ բարեկարգումներն ու փտածութեան դէմ պայքարը շարունակուին:

Լոտրիան հաստատեց, որ Ֆրանսա անշեղ կը մնայ Լիբանանին օժանդակելու իր սկզբունքէն` աւելցնելով, որ «Սետր»-ի ազդակները կարելի է աշխուժացնել, պայմանով որ Լիբանան իր խոստացած բարեկարգումները կատարէ:

Նշենք, որ Լոտրիան նախագահ Աունին յանձնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն բերանացի նամակ մը, որուն մէջ  հաստատեց, որ Ֆրանսա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին, ինչպէս եղած է իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին:

Լոտրիան ընդգծեց նաեւ, որ Ֆրանսա պիտի օժանդակէ Լիբանանի մէջ գործող 40 ֆրանսական դպրոցներու:

Տիապի Մօտ

Նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք Լոտրիան ուղղուեցաւ վարչապետարան:

Վարչապետ Հասսան Տիապի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին դիմագրաւած տագնապներուն ի տես կառավարութեան աշխատանքը:

Տիապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կարգ մը բարեկարգումներ գործադրած է եւ նոյն ուղիով ալ պիտի շարունակէ:

Վարչապետը Լոտրիանին յայտնեց, որ Լիբանանի ակնկալութիւնն է, որ Ֆրանսա ելեկտրականութեան թղթածրարին եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հարցով օժանդակէ Լիբանանին, «իսկ մենք պիտի շարունակենք թափանցիկ բարեկարգումները գործադրել», ըսաւ ան:

Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը` ընկերակցութեամբ դեսպան Ֆուշէի:

Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մահմուտ Պըրրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները:

Լոտրիան-Հըթթի Հանդիպում

Լոտրիան կէսօրին այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Նասիֆ Հըթթիի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Լոտրիան յայտնեց, որ Պէյրութ այցելութեան իր կարգախօսն է` «Մեզի օգնեցէ՛ք, որպէսզի օժանդակենք ձեզի»:

Ան նշեց, որ Լիբանանի իրավիճակը խոցելի է` ընդգծելով, որ երկրին տնտեսական տագնապը իր ծանր հետեւանքները կ՛ունենայ լիբանանցիներուն վրայ:

Վերահաստատելէ ետք բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը` Լոտրիան հաստատեց, որ Ֆրանսա պատրաստ է կատարեալ գործակցութիւն ցուցաբերելու Լիբանանի նկատմամբ` զայն փրկելու համար:

Ան ընդգծեց, որ ելեկտրականութեան մարզին մէջ կատարուած բարեկարգումները քաջալերելի չեն:

Ան նշեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի նաեւ լիբանանեան բանակին:

Հըթթի իր կարգին նշեց, որ Լիբանան ապահով վայր մըն է, ուր պէտք է յարմար մթնոլորտ ստեղծել` գործադրելու համար «Սետր»-ի ծրագիրները:

Պքերքէի Մէջ

Երեկոյեան ժամը 5:30-ին Լոտրիան այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Լոտրիան մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Աւելի ուշ Պքերքէ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լոտրիան գնահատած է Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութիւնը եւ հաստատած, որ Լիբանան վերականգնելու բոլոր յատկանիշները ունի:

Լոտրիան իր պաշտօնական այցելութիւնը պիտի շարունակէ այսօր:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլ Կը Խոչընդոտէ Իրանէն Պէյրութ Ուղղուող Ճամբորդատար Օդանաւի Մը Թռիչքը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդը Հայաստանէն Կը Պահանջէ «Վերջ Տալ Նախայարձակումին Եւ Դուրս Գալ Ազրպէյճանական Տարածքներէն»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.