Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Այցելած Է Ս. Սոֆիա Տաճար` Ծանօթանալու 24 Յուլիսին Զայն Իբրեւ Մզկիթ Բանալու Աշխատանքներուն

July 21, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այցելած է Պոլսոյ Ս.  Սոֆիա տաճար` ծանօթանալու 24 յուլիսին զայն իբրեւ մզկիթ բանալու աշխատանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Էրտողանին տաճարին մէջ կատարուող աշխատանքներուն ծանօթացուցած են Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմեթ Նուրի Էրսոյը եւ Պոլսոյ նահանգապետ Ալի Էրլիքայան:

Այցելութեան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահին ուղեկցած են նախագահի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթունը, ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն եւ Կրօնական հարցերով վարչութեան ղեկավար Ալի Էրպաշը:

Ս. Սոֆիա տաճարը 24 յուլիսին ուրբաթօրեայ նամազով պիտի բացուի իբրեւ մզկիթ:

Թուրքիոյ պետական խորհուրդը չեղեալ յայտարարած էր տաճարը թանգարան դարձնելու մասին 1934 թուականի որոշումը:

Հռոմի Կոստանդիանոս կայսրը 324 թուականին Կոստանդնուպոլիսը իբրեւ կայսրութեան մայրաքաղաք հիմնելէն երկու տարի ետք` 326-ին մայրաքաղաքի Օգոստոսեան հրապարակին վրայ կառուցեց առաջին եկեղեցին Ս. Սոֆիա անունով:

Սկզբնական շրջանին անիկա կը կոչուէր Մեծ եկեղեցի, որովհետեւ չափերով կը գերազանցէր Կոստանդնուպոլսոյ իր ժամանակակից միւս եկեղեցիները: Իսկ Ս. Սոֆիա անունը կրեց աւելի ուշ:

Տաճարը առաջին անգամ հրդեհուած է 404 թուականին` ժողովրդային ապստամբութեան ժամանակ: 532 թուականին Թէոտոսիոսի վերակառուցած տաճարը դարձեալ կործանուած է հրդեհի պատճառով: Հրդեհէն քառասուն օր ետք, Բիւզանդիոնի Յուստինիանոս Ա. կայսրը պատուիրած է դարձեալ վերակառուցել Ս. Սոֆիա տաճարը: Վերակառուցումը տեւած է 532¬էն մինչեւ 537 թուական:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն երէկ նշեց, որ Ս. Սոֆիայի մէջ գտնուող քրիստոնէական խճանկարները եւ որմնանկարները նամազի ընթացքին վարագոյրով պիտի փակուին:

«Լուսաւորման յատուկ սարքեր պիտի չօգտագործուին, եւ աշխատանքը կը տարուի գեղանկարները վարագոյրներու համակարգով փակելու եւ աշխատանքը գրեթէ աւարտած է` կեդրոնանալով այդ գեղանկարներուն եւ ընդհանրապէս շէնքին որեւէ վնաս չպատճառելու վրայ», ըսաւ Քալըն:

Թրքական լրատուամիջոցներ նախապէս հաղորդած էին, որ Ս. Սոֆիայի խճանկարներն ու որմնանկարները նամազի ընթացքին ծածկելու համար լուսաւորման յատուկ համակարգ մը պիտի օգտագործուի:

Նախորդը

«Ռուսիան Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տագնապի Շուտափոյթ Լուծման Յոյս Ունի, Ինչ Որ Նաեւ Կ՛արտօնէ Լուծել Ռուսիոյ Մէջ Հայերու Եւ Ազրպէյճանցիներու Միջեւ Յառաջացած Զգացական Մթնոլորտը» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Նշելով, Որ Թուրքիան Եւ Անոր Բանակը Պէտք Եղածը Պիտի Ընեն. «Պիտի Շարունակենք Ազրպէյճանին Աջակցիլ Ընդդէմ Հայաստանի Յարձակումներուն Կ՛ըսէ Աքար

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.