Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ իր զաւկին` երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի, շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց մեծ թիւով տիւրզի հոգեւորականներ, որոնց ներկայութեան անդրադարձաւ լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններուն:
Իր խօսքին մէջ Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Արեւելքի եւ Լիբանանի դէմ սուր պայքար գոյութիւն ունի` մեծ պետութիւններուն միջեւ` աւելցնելով, որ Լիբանան այս իմաստով չի կրնար տիրող տարազները փոխել:
«Մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, պէտք է անօթութեան դէմ պայքարինք, այլ խօսքով` տնտեսական, ընկերային եւ սննդեղէնի վերաբերող պայքար ու համագործակցութիւն իրականացնենք», շեշտեց ան:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը անշեղ կը մնայ երկխօսութեան սկզբունքէն` հաստատելով, որ Լեռնալիբանանի մէջ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը իրենց ներկայութիւնը ունին, եւ բոլորին միջեւ գործակցութիւն կայ:



