Խումբ մը գործիչներ երէկ բողոքի նստացոյց կատարեցին զբօսաշրջութեան նախարարութեան դիմաց` պահանջելով զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէի հրաժարականը` նկատի ունենալով, որ կարգ մը երիտասարդներ, որոնք կը վարէին զբօսաշրջութեան նախարարութեան պատկանող ինքնաշարժներ, խոշտանգած էին գործիչ եւ իրաւաբան Ուասեֆ Հարաքէ:
Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆ կոչ ուղղեց Մշարրաֆիէի` հրաժարելու կառավարութենէն` հաստատելով, որ փաստուած է, թէ նախարարութեան 6 պաշտօնեաներ կազմակերպած են Հարաքէի դէմ գործողութիւնը եւ նախարարութեան պատկանող ինքնաշարժով յարձակում գործած են անոր վրայ ու կատարած այդ արարքը:
Ան հաստատեց, որ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքան ազատութիւններու պաշտպան պիտի մնայ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ուղղուած ամէն տեսակ սպառնալիքի դէմ պիտի պայքարի` երկրին պետական հաստատութիւնները քանդումէ փրկելու նպատակով:



