Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող Ստեփան Աւագեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումները: Մրցաշարքը կ՛աւարտի այսօր:
Դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող՝ Մանուէլ Պետրոսեան այլ յաղթանակ մըն ալ արձանագրելով, ունեցաւ 7 կէտ, աւելիով անհասանելի դարձաւ իր մրցակիցներուն համար եւ բնականաբար հանդիսացաւ տիտղոսակիր, առանց սպասելու վերջին հանգրուանի հանդիպումներուն արդիւնքներուն:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը 5,5 կէտով կը գրաւէ Հայկ Մարտիրոսեան, մինչ լաւագոյն եռեակը 5 կէտով կ՛ամբողջացնէ՝ Շանթ Սարգսեան:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ՝ երեք հազար ամերիկեան տոլար:



