Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց. «Գոյութիւն ունին Թուրքիոյ դէմ սեւ քարոզչութեան ծրագիրներ, որոնք կը գործադրուին Ծոցի արաբական երկիրներուն կողմէ: Ծոցի երկիրներուն գործադրած ծրագիրները արաբական հասարակութեան զօրակցութիւնը չեն վայելեր»:
«Այդ երկիրներու ղեկավարները պէտք է գիտակցին, թէ Թուրքիոյ դէմ այդ քայլերը իրականութեան մէջ իրենցմէ կը հեռացնեն իրենց ժողովուրդները», ըսաւ ան` նշելով. «Վերջերս միջազգային ազատական ճառերը իսլամական շարժումներ, իսլամական կուսակցութիւններ եւ Իսլամ եղբայրներ եզրերը կ՛օգտագործեն իբրեւ սարսափեցման գործիք»:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան նախկին խորհրդատու Ճոն Պոլթընի` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը «արմատական իսլամ» կոչելուն, Քալըն ըսաւ, որ պաշտօնազրկումէն առաջ շատ խօսած է Պոլթընի հետ, «սակայն նախապէս ինծի այսպիսի բան չըսաւ»:
«Անոր վերջին յայտարարութիւններուն պատճառը այն է, որ այդ խօսքերը արեւմտեան շրջանակներուն մէջ այլեւս շատ տարածուած են», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականը: Ան նաեւ Արաբական լիկային կոչ ուղղեց` Թուրքիոյ դէմ հաղորդագրութիւններ հրապարակելու Պաղեստինեան դատով աւելի հետաքրքրուելու:
Ան դատապարտեց Այսրյորդանանէն հողեր կցելու իսրայէլեան ծրագիրը` զայն նկատելով «բռնաբարման ու բռնագրաւման նոր քաղաքականութիւն»` աւելցնելով, որ կցման ծրագիրը անօրինական է եւ Անգարա զայն «կտրուկ կերպով» կը մերժէ:
«Իսրայէլեան կցման ու բռնագրաւման քաղաքականութիւնները նպաստեցին Պաղեստինեան դատի բարդացման: Այդ քաղաքականութիւնները վերջ տուին խաղաղութեան, երկու պետութիւններ լուծումին եւ շրջանին մէջ կայունութեան ու ընկերային բարօրութեան հաստատման բոլոր նախաձեռնութիւններուն», ըսաւ Քալըն:



