Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղապաշտ Բանաստեղծ Եւ Բնութեան Լաւագոյն Քնարերգիչ. Միսաք Մեծարենցի Մահուան 112-րդ Տարելիցի Առթիւ (19 Յունուար 1886- 5 Յուլիս 1908)

July 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

Միսաք Մեծարենց ծնուել  է 19 Յունուար 1886 թուականին, աժմ Երզինկա քաղաք, անցեալին Խարբեդ նահանգի Ակն (աժմ Քէմալիէ) գաւառի Բինկեան գիւղի մէջ  առեւտրական ընտանիքէ , նախակրթարանի կրթութիւնը ստացած է նախ ծննդավայրի Մեսրոպեան վարժարան, ապա՝ ընտանեօք Սվաս տեղափոխուելէ յետոյ Սվասի Հայոց Արամեան դպրոցի (1894-96) եւ Մարզուանի «Անատոլիա» գիշերօթիկ քոլեճի մէջ (1896-1901)։ 1902–ին ընտանիքի հետ տեղափոխուել է նաեւ Իսթանպուլ, ուրտեղ մինչեւ 1905 թուական աշակերտած է  Հայոց Իսթանպոլ-Ղալաթիայի – Կեդրոնական վարժարան, սակայն հիւանդութեան սաստկութեան պատճառով ստիպուած է իր ուսումը ընդհատել:

Գրել սկսել է 1901 թուականին, 1903 թուականէն սկսեալ  գրութիւնները  կը հրատարակուին  պարբերական մամուլի մէջ։ Միսաք  Մեծարենց -իսկական անունով Մեծատուրեան- աշխատակցած է արեւմտահայ հայ թերթերու եւ պարբերականներու, ինչպէս՝ «Մասիս», «Հանրագիտակ», «Արեւելեան Մամուլ», «Լույս», «Սուրհանդակ», «Մանզումէի էֆքյար», «Բիւզանդիոն»:  Կենդանութեան օրոք` 1907–ին, Իսթանպուլի մէջ լույս է տեսել է Մեծարենցի բանաստեղծութիւններու երկու ժողովածու՝ «Ծիածան», «Նոր տաղեր» ը։ Մեծարենցի գրական ժառանգութիւնը բաղկացած է աւելի քան 130 քնարական ոտանաւորներէ, շուրջ մէկ տասնեակ արձակ բանաստեղծութիւններէ ու պատմուածքներէ  եւ նաեւ մի քանի գրական–քննադատական յօդուածներէ .

Մեծարենցի երկերը կ՛արտացոլացնեն դարասկզբի թուրքահայ կեանքի բարդ եւ հակասական պայմաններով ապրող ու տառապող  անհատի  ներաշխարհը։ Ընդդիմանալով սուլթանական  բռնատիրութեան , ազգային եւ սոցիալական ճնշման՝ Մեծարենց ստեղծեց մարդասիրական խոհերով կեանքի ու բնութեան հերոսի կերպար մը, արտայայտեց տեմոկրատական խաւերու երազանքը :

Միսաք Մեծարենց, հայ բանաստեղծութեան բնութեան  եւ գիւղային հայ կեանքի լաւագույն քնարերգիչ բանաստեղծներէն մին է:  Մեծարենցի  աշխարհայացքի ու ստեղծագործութիւններու բնորոշ կողմերէն մին է նաեւ անոր  մարդասիրութիւնն, որն ունի տէմոթրատական բովանդակութիւն։

Մեծարենցի բանաստեղծական  արուեստը շատ կողմերով կապուած է դասական ռոմանթիզմի  հետ։ Ան  իր գործերուն մէջ  կը գործածէ նաեւ  բառերու փոխաբերական իմաստը:

Մեծարենց կը սիրէր գիշերը,գիշերային մինակութիւնը,լռութիւնը, հանգիստութիւնը:  Այդ պատճառով ալ գրած էր նաեւ գիշերուայ մասին շատ մը բանաստեղծութիւններ, օրինակ՝ «Ձմռան Պարզ Գիշերը».

Միսաք Մեծարենց, հայ բանաստեղծութեան լիրիկական պօէզիի առաջնորդներէն է:

5 Յուլիս1908 թուականին Միսաք Մեծարենց (Մեծատուրեան) մահացաւ թոքախտէն, իր շուրթներուն վրայ մնաց «Մայր» բառը: Թաղուեցաւ Պալըքլը հայոց գերեզմանատան մէջ:

Հիւղը

Դաշտի ճամբու մը վըրան,
կամ ըստորոտը լերան,
ուղեւորին Ժամանման
ըսպասող հիւղն ըլլայի:
Ու գգուանքիս կանչէի
ես ճամբորդներն անԺաման.
ու ճամբուն վրայ մենաւոր,
ու ճամբուն վրայ ոսկեման,
եկւորներուն դիմաւոր՝
ծըխանիս ծուխն ամպէի:
Ու գրգանքիս կանչէի
ուղեւորներ պարտասուն,
ու բարեւի մը փոխան
հազար բարիք ես տայի:
Հազար բարիք ես տայի,
գոլը կրակին ճարճատուն
կութքը բերրի դաշտերուն,
բոլոր միրգերն աշունի,
ու մեղր ու կաթ ու գինի…
Ու լսէի ես ցայգուն,
քովը կրակին ճարճատուն,
երգն իրիկուան եկւորին.
ու ջամբէի ես ցայգուն
երազներով պատարուն
նինջ՝ իրիկուան եկւորին:
Ու լսէի ես այգուն,
սրտապատար ու տրոփուն
գովքն իրիկուան եկւորին.
ու դիտէի ես այգուն,
ու խոկայի օրն ի բուն
երթն իրիկուան եկւորին…:
Ու ձմեռներն ալ համբուն,
հըրաւիրակ զըւարթուն,
կանքնէի քովը ճամբուն.
ու ձիւնապատ հէք մարդուն
ես հայրօրէն, լայնաբաց
երկու թեւերս պարզէի.
մի՜շտ քաղցրագին, նիւթացած
հըրաւէ՜րն ես ըլլայի:
Ա՜հ, ըլլայի՜, ըլլայի՜,
դաշտի ճամբու մը վըրան,
կամ ըստորոտը լերան,
ուղեւորին Ժամանման
ըսպասող հի՜ւղն ըլլայի:

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

Նախորդը

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (4)

Յաջորդը

Կուսակցական Դպրոցի Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.