Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ինչո՞ւ Թուրքիան Կը Շարունակէ Մասնակցիլ «Էֆ-35»-ի Արտադրութեան». Փենթակոնին Կը Հարցնեն Ծերակուտականները

July 8, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու հանրապետական ծերակուտականներ Ճէյմս Լենքֆորտ եւ Թոմ Թիլիս, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու դեմոկրատական ծերակուտականներ Ճին Շահին եւ Քրիս Վան Հոլեն նամակ յղած են Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըրին` պահանջելով բացատրութիւն տալ, թէ ինչո՛ւ Թուրքիան, հակառակ Ուաշինկթընի` զինք ամերիկեան «Էֆ-35» կործանիչներու արտադրութեան ծրագիրէն բացառելու որոշումին, կը շարունակէ ատոր մասնակցիլ: Համապատասխան նամակը հրապարակուած է երկուշաբթի օր` Լենքֆորտի կայքին վրայ:

«Թուրք արտադրողները տակաւին կ՛արտադրեն եւ կը մատակարարեն հիմնական տարրերը` հակառակ այդպիսի մասնակցութեան օրէնսդրական արգելքին», կը նշուի ծերակուտականներու յայտարարութեան մէջ:

Անոնք կոչ ուղղած են բացատրելու այն պատճառները, թէ ինչո՛ւ Թուրքիան կը շարունակէ մասնակցիլ արտադրութեան, ինչպէս նաեւ տրամադրել թուրք արտադրողներու տուեալները, անոնց հետ պայմանագիրներու սկիզբն ու աւարտը:

Ծերակուտականները շեշտեցին, որ Թուրքիայէն մատակարարումներու մերժումը ամերիկեան կողմին համար պիտի ստեղծէ լրացուցիչ ֆինանսական ծախսեր, սակայն ատիկա պէտք է կատարուի «ՕԹԱՆ-ի նկատմամբ դիւանագիտական պարտականութիւնները կատարելու համար»:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիան եւ Թուրքիան 2017 թուականին ստորագրած են ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր մատակարարելու մասին պայմանագիր: Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի երկիրներէն առաջինն էր, որ ձեռք ձգեց այդ համակարգերը: Անգարայի որոշումը կտրուկ բացասական արձագանգ յառաջացուց Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանուր առմամբ ՕԹԱՆ-ի կողմէ:

Միացեալ Նահանգներ չեն դադրիր փորձել Թուրքիոյ ստիպել հրաժարելու Ռուսիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերէն: Ատոր պատճառով Ուաշինկթըն վտարած է Անգարան ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու արտադրութեան ծրագիրներէն: Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներ կը սպառնան Թուրքիոյ դէմ շարք մը միակողմանի պատժամիջոցներու կիրարկումով, սակայն չեն շտապեր այդպիսի քայլերու դիմել, որովհետեւ կը վախնան ՕԹԱՆ-ի առանցքային դաշնակիցի հետ յարաբերութիւններու հետագայ սրումէն, իսկ Անգարան կը նախազգուշացնէ, որ անպատասխան պիտի չձգէ այդպիսի սահմանափակումներու կիրարկումը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ճորճիայի Նահանգապետը Անկարգութիւններու Պատճառով Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարած Է Եւ Ազգային Պահակագունդի Ուժերը Զօրաշարժի Ենթարկած

Յաջորդը

Ռուսիոյ Ուղղափառ Եկեղեցին Կը Զգուշացնէ. Ամբողջ Աշխարհէն Աւելի Քան 300 Գիտնականներ Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն` Ս. Սոֆիան Մզկիթի Չվերածելու

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.