Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Զգուշաւորութիւն Եւ Անվճռականութիւն

July 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ժողովրդավարական վարչակարգի տէր պետութեան մը մէջ գոյութիւն ունին մտածողութեան եւ մանաւանդ գործունէութեան անշրջանցելի արժեհամակարգ ու մշակոյթ, որոնք կը բացառեն կամայականութիւնը: Այդ արժեհամակարգէն ու մշակոյթէն որեւէ շեղում, կամայական որեւէ քայլ առնել կը նշանակէ մուտք գործել Լութովիկոս ԺԴ.¬ի «Ես եմ պետութիւնը» մտածելակերպի աշխարհ: Դժբախտաբար Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ճիշդ այդ տեղի ունեցաւ, երբ Ազգային ժողովը, աւելի ճիշդ երկրի վարչապետին ղեկավարած «Իմ Քայլը» պատգամաւորական խմբակցութիւնը Սահմանադրական դատարանի անբաղձալի անդամներէն ձերբազատելու իր ղեկավարին անձնական փափաքն ու կամքը կատարեց:
Քանի մը ժամուան մէջ հապճեպ կերպով որդեգրուած այդ օրէնքը հարազատ արտացոլումն է Սահմանադրական դատարանի դատաւորներէն անոնց պաշտօնավարութեան աւարտէն առաջ ձերբազատելու վարչապետ Փաշինեանի անհամբերութեան ու աճապարանքին: Ներկայութիւն մը, որ պետական առողջ մտածողութիւնը կը թելադրէր հանդուրժել, որքան ալ «անախորժ» ըլլար այդ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը մերժեց ստորագրել 22 յունիսին խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած այդ օրէնքը` այդպիսով վկայելով եւ ընդունելով լուրջ խնդիրի մը գոյութիւնը: Ահա թէ ինչու «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «ինչո՞ւ նախագահը որոշեց չստորագրել օրէնքները, արդեօք վիճայարո՞յց կը նկատէ գործընթացը, թէ՞ այլ պատճառ կայ» հարցումին ի պատասխան նախագահի աշխատակազմէն յայտնեցին, թէ այդ առնչութեամբ լրացուցիչ մեկնաբանութիւններ չունին: Նախագահը իր կիսաքայլով արդէն պատասխանած էր այդ հարցումին:
Ըստ սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածի 4-րդ մասին, նախագահը պարտի օրէնքը ստանալէ 21 օր ետք կա՛մ զայն ստորագրելով հրապարակել, կա՛մ ալ նոյն ժամկէտին դիմել Սահմանադրական դատարան` որդեգրուած օրէնքի սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը որոշելու համար: Այլ խօսքով` նախագահ Արմէն Սարգսեան կանգ առաւ իր սահմանադրական այդ պարտաւորութեան կատարման կէս ճամբուն վրայ: Զգուշաւորութիւն մը եւ անվճռականութիւն մը, որ կարելի է վերագրել երկրին մէջ ստեղծուած անհանդուրժողականութեան մթնոլորտին մէջ «հակայեղափոխական» պիտակէն ու բանադրանքէն խուսափելու փորձի մը:

 

Նախորդը

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն. 49 Սփիւռքահայ Ուսուցիչներ Արժանացան Հայերէնով Դասաւանդողներու Առցանց Ուսուցումի Մրցանակին

Յաջորդը

Անդրշիրիմեան Խրատներ

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Անդարձ Տարիներ, Սքանչելի Վերյիշումներ (ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղի 50-Ամեակին Առիթով)

October 19, 2026
Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց
Անդրադարձ

Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց

October 19, 2026
Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան
Անդրադարձ

Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.