Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Յետս Կոչել 11 Իրաւապաշտպաններու Դէմ Ահաբեկչութեան Ամբաստանութիւնը

July 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու հարցով նոր յանձնակատար Մարի Լոլըր «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպան 11 անձերու դէմ ահաբեկչութեան ամբաստանութիւններուն նկատմամբ:

Ան Անգարայէն պահանջեց յետս կոչել երեք տարիէ ի վեր բանտարկուած գործիչներուն դէմ ներկայացուած ահաբեկչութեան ամբաստանութիւնները, որոնք «Միջազգային ներում» կազմակերպութեան համաձայն անհիմն են:

Ամբաստանեալներու շարքին են Թուրքիոյ մէջ «Միջազգային ներում»-ի երկու նախկին տնօրէններ, որոնք կրնան 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:

«Անոնց ձերբակալութենէն երեք տարի ետք, ամբաստանութիւններու հիմնաւորման առումով հաւաքուած փաստերը չյստակացուցին, թէ ինչպէ՛ս անոնց գործունէութիւնը հասած է ահաբեկչութեան մակարդակին», ըսաւ Լոլըր:

ՄԱԿ-ի յանձնակատարը յայտնեց, որ անոնք ձերբակալուած են Թուրքիոյ մէջ քաղաքականօրէն յատուկ կերպով զգայուն ժամանակի մը մէջ, երբ 2016-ի յեղաշրջման տարեդարձը կը մօտենար:

Ան թրքական կառավարութեան եւ դատախազութեան կոչ ուղղեց` «ամբաստանութիւնները յետս կոչելով զօրութիւն ցուցաբերելու, երբ հետաքննութիւններու փաստերը չեն կրնար զանոնք փաստել»:

«Իսթանպուլի 10» անունով ճանչցուած խումբի անդամները ձերբակալուած էին յուլիս 2017-ին` մարդկային իրաւանց վարժանքի մը ընթացքին:

ՄԱԿ-ի յանձնակատարը յայտնեց, որ դատախազը փորձած է զանոնք ահաբեկչական տարբեր կազմակերպութիւններու առնչել` անոնց ձերբակալութենէն ետք հաւաքուած փաստերու օգտագործումով:

Նախորդը

Ֆրանսական Գաղութատիրութեան Դէմ Ալճերիական Դիմադրութեան Ղեկավարներուն Աճիւնները 170 Տարի Ետք Վերադարձան Ալճերիա

Յաջորդը

«Ս. Սոֆիա Տաճարը Պէտք Է Բաց Ըլլայ Բոլորին Համար» Կ՛ըսէ Փարիզ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.