Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ կը բաժնուէր Սարգիս Աճէմեանը, որ իր ողջ էութեամբ եղած էր խոնարհ ու համեստ անձ օրինակելի միութենական, տիպար հայր մը եւ յոգնութիւն չճանչցող մարդ:
Դաժան են մահն ու ճակատագիրը:
Մահուան ահաւորութիւնը կը զգանք, երբ դէմ յանդիման կու գանք իրականութեան հետ, ուր երբ մեր մօտիկներէն ու հարազատներէն մէկը յանկարծ կը բաժնուի մեզմէ:
Դառն մահուան բօթը ցնցեց ու խոր սուգի մատնեց բոլոր անոնց, որոնք մօտէն ծանօթ էին Ս. Աճէմեանին:
Սարգիս Աճէմեան իր պատանեկան ու երիտասարդական շրջանին մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտի, ապա եղած է Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի անդամ:
Իբրեւ նուիրեալ միութենական յոգնութիւն եւ յուսահատութիւն չգիտցող անձ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը մուտք գործած է իբրեւ տարազաւոր, ապա ստանձնած է զանազան պաշտօններ: Եղած է Անթիլիաս մասնաճիւղի վարչական, ապա ատենապետ, Շրջանային Ֆութպոլի յանձնախումբի անդամ, ապա ատենապետ, երկու տարեշրջան Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ ապա ատենապետ, մասնակցած է բազմաթիւ ներկայացուցչական ժողովներու եւ
1991-ին Յունաստանի մէջ կայացած Հ.Մ.Ը.Մ.ի 5-րդ Ընդհանուր ժողովին Լիբանանը ներկայացուցած իբրեւ պատգամաւոր:
Սարգիս Աճէմեան 2008-ին պարգեւատրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանով:
ՀՄ.Ը.Մ.ը եղած է իր առօրեան:
Եղբ. Աճէմեան իբրեւ խոնարհ զինուոր հաւատաց Հ.Մ.Ը.Մ.ին, իբրեւ խոնարհ ծառայ` գործեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար, եւ որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական խումբերն ու գալիք սերունդները ունենան աւելի հանգստաւէտ պայմաններ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը հպարտ ըլլայ իր պատկանելիութեամբ` իր մեծ ներդրումը ունեցաւ «ՀՄ.Ը.Մ.- Աղբալեան» համալիրի հողաշերտի գնման եւ շինարարական աշխատանքներուն մէջ:
Այսօր, իբրեւ շարունակութիւնը իրենց հօր գծած ուղիին եւ արդիւնքը անոր տուած դաստիարակութեան, Սարգիս Աճէմեանի զաւակները կը տեսնենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ:
Անկախ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ունեցած իր գործունէութենէ, Սարգիս Աճէմեան մաս կազմած է նաեւ ազգային զանազան կառոյցներու, ինչպէս` Ազգային առաջնորդարանի Գաւառական թէ Քաղաքական ժողովներուն:
Ղարաբաղեան շարժումի սկզբնական օրերուն ձեռնարկած եւ յաջողցուցած է Արցախի համար կատարուած դրամահաւաքի ձեռնարկ:
Այսքան եռանդ, այսքան նուիրաբերում եւ այսքան ծառայութիւն կը տանի իրեն հետ եղբայր Սարգիսը, որուն կեանքին հանգրուանները սերտօրէն առնչուեցան գաղութին, հայութեան պահանջներուն եւ կարիքներուն հետ:
Կարելի չէ քանի մը տողերու մէջ ամփոփել ու ներկայացնել եղբայր Սարգիսի վաստակը, սակայն իր ունեցած միութենական թէ ազգային կեանքին հանգրուանները յստակօրէն կը ցոլացնեն կէս դարու փայլուն պատմութիւն մը:
Նման հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու արժանիքները թող վարակիչ ըլլան եւ օրինակելի թարմութիւն պահեն իրերայաջորդ սերունդներու մօտ:
Վարձքդ կատար սիրելի եղբայր:
Յարգանք յիշատակիդ:
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


