Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կցման Ծրագիրի Գործադրութիւնը Պաղեստինեան Իշխանութեան Քայքայման Պիտի Յանգեցնէ» Կ՛ըսէ Օրէյքաթ

June 30, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեթանիահու Կոչ Կ՛ուղղէ «Պատմական
Միջին Եզրի Լուծում»-ի Շուրջ Բանակցելու

Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) քարտուղար Սայեպ Օրէյքաթ յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ գործադրէ Այսրյորդանանէն եւ Յորդանան գետի հովիտէն բաժիններ իրեն կցելու ծրագիրը, ապա «Պաղեստինեան իշխանութիւնը պիտի քանդուի, եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պատասխանատու պիտի ըլլայ Այսրյորդանանի գիւղերէն աղբերու հաւաքման եւ ամէն ինչի»:

Օրէյքաթ իսրայէլեան «Այ24նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Առանց պաղեստինեան դատի լուծման, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու արաբական որեւէ բնականոնացում պիտի չըլլայ»:

«Եթէ Նեթանիահու կցման քայլը կատարէ, (Պաղեստինեան) իշխանութիւնը պիտի քանդուի, որովհետեւ կցումը միակողմանի է, ցուցմունք է եւ ոչ թէ բանակցութիւն, եւ այդպիսով վերջ պիտի տայ երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու որեւէ առիթի», ըսաւ ան:

Օրէյքաթ հերքեց, թէ Իսրայէլի եւ ամերիկեան վարչակազմին միջեւ կցման ծրագիրին շուրջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին: «Գոյութիւն ունին մարտավարութիւններ, որոնց ճամբով կը փորձեն աշխարհը խաբել… 28 յունուար 2020-ին ներկայացուած Թրափի եւ Նեթանիահուի ծրագիրը կարդացողը ամբողջովին կը գիտակցի, թէ հարցերը ամբողջովին վճռուած են, ըլլան անոնք գաղթականներուն, Աքսայի մզկիթի համալիրի, թէ մնացեալ թղթածրարներուն վերաբերեալ», ընդգծեց Օրէյքաթ:

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» («Իսրայէլը Այսօր», «Ա.») օրաթերթը մէկ օր առաջ բարձրաստիճան աղբիւրներու յղում կատարելով հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական Ճարետ Քուշների եւ Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմընի միջեւ Իսրայէլի կողմէ Այսրյորդանանէն բաժիններու կցման հարցին շուրջ գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ «Այսրյորդանանի կցումին շաբաթներով կամ ամիսներով յետաձգման»:

Օրաթերթը նշեց, որ իսրայէլեան եւ ամերիկեան կողմերը «կը նախատեսեն, թէ 1 յուլիսին ոչինչ պիտի պատահի, եւ կցման առիթներու պատուհանը յառաջիկայ ամիսներուն բաց կը մնայ»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանի քաղաքական մեկնաբան Պարաք Ռափիտ յայտնեց, որ Մոսատի ղեկավարը Յորդանանի նախագահին հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելով տեղեկացած է, թէ Յորդանան պիտի չընդունի կցումը` ատիկա փոքր տարածք ըլլայ, թէ մեծ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Պաղեստինեան իշխանութեան կոչ ուղղեց ամերիկեան «Դարու գործարք» ծրագիրին շուրջ բանակցելու` «պատմական միջին եզրի լուծում» մը գտնելու համար:

Նեթանիահու համոզում յայտնեց, որ պաղեստինեան բռնագրաւեալ լայն տարածքներու վրայ Իսրայէլի գերիշխանութեան տարածումը «պիտի չվնասէ խաղաղութեան, այլ զայն յառաջ պիտի մղէ»:

Ան յայտնեց, որ պաղեստինցիները կը քաջալերէ «Իսրայէլը քանդելու փորձերով այլ դար մը չկորսցնելու»:

«Ամերիկեան խաղաղութեան ծրագիրը վերջ տուաւ երկու պետութիւն լուծումի պատրանքին, եւ ատոր փոխարէն կոչ կ՛ուղղէ երկու պետութիւններու իրապաշտ լուծումի մը, որուն հիմամբ միայն Իսրայէլն է, որ անոնց անվտանգութեան ամբողջական պատասխանատուն է», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «1967-ի սահմանները անարդարանալի են»:

«Իսրայէլ իրաւական, պատմական ու բարոյական իրաւունքը ունի իր գերիշխանութիւնը Այսրյորդանանի վրայ տարածելու», շեշտեց Իսրայէլի վարչապետը:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Ազրպէյճանի Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Պէտք Չէ Օգտագործուի Ընդդիմութիւնը Ճնշելու Համար»

Յաջորդը

Իրանեան Արդարադատութիւնը Հրապարակեց Թրամփն Ու Ամերիկացի Եւ Այլ Երկիրներու Քաղաքացի 35 Պաշտօնատարներ Ձերբակալելու Հրամանագիր Մը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.