Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամէն Մէկս` Մարտիկ Հայ Դատի

June 30, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Երբ կ’ըսես «հա՛յ եմ»` հայ ըլլալդ կը յայտնես, Հայ դատի մարտիկ ըլլա՛լդ կը բարձրաձայնես:

Հայ դատը բոլորիս դատն է, բոլո՛ր հայերուս դատն է: Հայ ըլլալ կը նշանակէ դատ մը ունենալ, կը նշանակէ այդ դատին տէր կանգնիլ, ատոր գիտակցինք կամ ոչ: Հայ ըլլալը վերացական հասկացութիւն մը չէ, ո՛չ ալ պարզապէս ծագումի հարց մը: Ո՛չ ալ քաղաքացիութեան: Հայ ըլլալը յանձնառութիւն մըն է:

Այդ յանձնառութիւնը ի բնէ չի գար: Կը մշակուի՛: Տունէ՛ն: Դպրոցէ՛ն: Ակումբէ՛ն: Մամուլէ՛ն: Յանձնառութեան այդ շէնքը կը կերտուի քար առ քար` դիմադրելով աջէն ու ձախէն փչող բոլոր հողմերուն, մրրիկներուն: Մերթ ընդ մերթ կը փլին բարձրացող պատերը, վերստին կը շարուին անոնք` աւելի ամո՛ւր շաղախով, մինչեւ շէնքը դառնայ պարիսպ, անխորտակելի՛, անառի՛կ:

Հայ դատի մարտիկ ըլլալ չի նշանակեր անպայման Հայ դատի յանձնախումբի մը անդամ ըլլալ, կուսակցութեան մը անդամ ըլլալ, քաղաքական աշխատանք տանիլ: Նոյնիսկ մաս կազմել պետական համակարգին` Հայաստան, Արցախ կամ որեւէ երկրի մէջ: Այդ բոլորը միջոցներ են Հայ դատի պայքարը յառաջ տանելու համար: Միջոցներ ի շարս այլոց եւ ոչ` միա՛կ միջոցները:

Հայ դատի մարտիկ ըլլալ կը նշանակէ առաջին հերթին… հայերէն խօսիլ:

Պիտի ըսէք հայերէն չգիտցողը չի՞ կրնար Հայ դատին ծառայել: Կրնա՛յ, ի հարկէ, ինչպէս Հայ դատին կրնայ ծառայել նաեւ ո՛չ հայը, քանի որ Հայ դատը միայն հայուն դատը չէ: Արդարամիտ, արդարասէր ամէն մարդ կրնայ զինուորագրուիլ անոր, կրնայ աշխատիլ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, քանի որ Հայ դատը իրականութեան մէջ այդ իրաւունքներու պաշտպանութեա՛ն հարցն է, միայն հայուն հարցը չէ, մարդկութեա՛ն հարցն է:

Հայերէն խօսիլը, սակայն, մանաւանդ լա՛ւ հայերէն խօսիլը, ճի՛շդ հայերէն խօսիլը, կարդալն ու գրելը ինքնի՛ն պայքար մըն է, ամէնօրեայ պայքար մը, որ ամէն մէկս պիտի մղէ իր ինքնութիւնը պահելու համար, ներառեալ` հայրենի հողին վրայ: Չխօսիլը, մանաւանդ մաքուր չխօսիլը, նահա՛նջ մըն է, նահանջ` Հայ դատի ճակատին վրայ:

Այս առնչութեամբ Հայ դատի մարտիկներու առաջին գիծի վրայ մարտնչողները մեր հայերէնի ուսուցիչներն են, ուսուցչուհիները, առանց որոնց մենք Հայ դատի ոչ մէկ ուրիշ մարտիկ կ՛ունենայինք ճակատի վրայ, ու «մարտը վերջ կը գտնէր` մարտնչողներու բացակայութեան պատճառով», ինչպէս կ՛ըսէր ֆրանսացի գրողը: Գիտնանք գնահատել մեր դաստիարակները:

Հայ դատի մարտիկներ են մեր իրաւ եկեղեցականները, մեր խորաններուն ծառայողները, որոնք հայու հաւատը «ղայիմ» կը բռնեն, կանգուն` ամէն տեսակ հաւատափոխութիւններու եւ այլափոխութիւններու դիմաց, պահպանելու համար հազարամեակներէ եկող ու հազարամեակներ գացող մեր արժէքներն ու հաւատամքը: Գիտնանք ընդունիլ անոնց կարեւորութիւնը:

Հայ դատի մարտիկներ են մեր մշակոյթի գործիչները` գրողներն ու հրապարակագիրները, բեմադրիչներն ու դերասանները, երգահաններն ու երաժիշտները եւ բոլոր միւս արուեստագէտները, որոնք ջահակիրն են հայ մշակոյթին, զայն սնուցողն ու զարգացնողը, անով մե՛զ ապրեցնողը, մեր ինքնութիւնը հաստատողն ու վերահաստատողը: Գիտնանք գնահատել նաեւ մեր մշակոյթի սպասարկուները:

Հայ դատի մարտիկներ են մեր մարզիկները, որոնց յաղթանակները միջազգային բեմերուն վրայ նորանոր առիթներ են պանծացնելու Եռագոյնը, այն դրօշը, որ ինքն ալ Հայ դատի խորհրդանիշն է` հազարաւորներու, երբեմն միլիոնաւորներու աչքին առջեւ: Ուրեմն գիտնանք խրախուսել մեր մարզիկները:

Հայ դատի անխոնջ, անվհատ ու միշտ հաւատաւոր մարտիկներ են մեր ընկերային նուիրեալները, որոնք ամէնուր կը հասնին, բոլորին կ՛օգնեն, մանաւանդ մեր կրթական յարկերուն, մեր կեդրոններուն, մեր մամուլին եւ զօրավիգ կը կանգնին մեր բազմապիսի նախաձեռնութիւններուն: Չթերանանք գնահատելու անոնց ալ ներդրումը:

Հայ դատի մարտիկներ են մեր բոլոր ազգայինները, որոնք իրենց մասնագիտութիւններուն մէջ իրենց խղճամիտ ներդրումով բարձր կը պահեն հայու անունն ու վարկը, կը ծանօթացնեն մեր տաղանդն ու հանճարը ընդհանուրին, կը ծառայեն մեր բնակած երկիրներու, երբեմն ալ արար աշխարհի քաղաքակրթական յառաջընթացին: Գիտնանք, գիտնա՛նք գնահատել անոնց ալ բերած նպաստը Հայ դատին:

Հայ դատի մարտիկներ են մեր նուիրատուները, իրենց հարստութենէն երբեմն փոքր, երբեմն ալ մե՛ծ բաժին հանելով մեր կարիքներուն` մեր դպրոցներուն, մեր եկեղեցիներուն, օգնելով մեր այլազան աշխատանքներուն: Զանոնք ալ չմոռնանք գնահատել:

Վերջապէս դո՛ւն, հա՛յ մարդ, հա՛յ ծնող, ամէնէն առաջ դո՛ւն ես Հայ դատի մարտիկը, երբ զաւակդ հայ կը մեծցնես, հայկական վարժարան կ՛ուղարկես, հայութեան կ՛առնչես: Քեզմո՛վ կը սկսի Հայ դատի պայքարը: Գիտցի՛ր արժանիքդ, գիտցի՛ր դերդ, գիտցի՛ր կարեւորութիւնդ: Ո՛ւր ալ որ գտնուիս` սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի:

Հայ դատը քո՛ւ դատդ է, դո՛ւն ես Հայ դատը:

 

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ելքը Կը Նկատենք Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները»

Յաջորդը

Ակնարկ. Կը Մերժուի Գրաքննութիւնը, Կ՛արտօնուի Միջամուխ Ըլլալը

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.