Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութցի Միաւորումներ Եւ Ընտանիքներ Կը Պահանջեն Պաշտպանել Մայրաքաղաքը

June 29, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պէյրութի միաւորումներու եւ ընտանիքներու միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Մոհամետ Աֆիֆ Եամմութի: Քննարկուեցան Պէյրութի վերաբերող ընդհանուր պահանջները:

Տեսակցութենէն ետք Եամմութ յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնեց նախարարին` երկրին մէջ տիրող ապահովական կացութեան վերաբերեալ ընդհանրապէս, իսկ Պէյրութի մէջ ստեղծուած իրավիճակին` յատկապէս: Ան ապահովական ուժերէն պահանջեց ամբողջական եւ տիրական դերակատարութիւն ունենալ Պէյրութի, անոր բնակիչներու եւ  ինչքերուն պաշտպանութեան առումով, որպէսզի չկրկնուի այն աւերուածութեան, քանդումի եւ հրկիզումի  պատկերը, որ ստեղծուեցաւ վերջերս մայրաքաղաքին մէջ:

Ըստ Մոհամետ Աֆիֆ Եամմութի, պատուիրակութիւնը նաեւ խնդրած է չեղեալ նկատել «Մեքանիք»-ի եւ քաղաքապետական տուրքերը` 2020 թուականի, որովհետեւ լիբանանցիներուն ապրած տնտեսական վիճակը բաւական ծանր է, եւ անոնք անկարող են նոյնիսկ իրենց օրուան հացը ապահովելու: Նախարարին այցելուները յոյս յայտնեցին, որ Պէյրութի քաղաքապետարանին կողմէ աղքատ ընտանիքներուն նախատեսուած օժանդակութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ տրամադրուին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Մոհամետ Աֆիֆ Եամմութի դիտել տուաւ, որ պատուիրակութիւնը լուսարձակի տակ առած է նաեւ տնտեսական վատ վիճակը, որուն պատճառով սովի նախատեսութիւններ կան, ինչ որ կրնայ նաեւ քաղաքացիական համերաշխութեան հարուած հասցնել, ինչպէս նաեւ խամրեցնել Լիբանանի վերականգնման ամէն տեսակի յոյս ու կարելիութիւն: Ան շեշտեց, որ նախարարը հասկացողութեամբ մօտեցած է իրենց մտահոգութիւններուն եւ խոստացած է կարելին ընել, որպէսզի ներկայացուած պահանջներուն գոհացում տրուի:

Նախորդը

24 Ժամուան Ընթացքին «Քորոնա» Ժահրի 412 Քննութիւն Կատարուեցաւ

Յաջորդը

Բողոքի Ցոյցեր Եւ Մայրուղիները Փակելու Փորձեր

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.