Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Նախագահ Աունին

June 24, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերն ու Լիբանանի երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ նախարարութիւնը կը գործակցի միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` երիտասարդական ծրագիրներ մշակելու նպատակով:

Հանդիպումէն ետք նախարար Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ ներկայիս կը կազմակերպուին հանդիպումներ լիբանանցի երիտասարդներու հետ, ըլլան անոնք քաղաքական ուժերու երիտասարդական եւ ուսանողական թեւեր, քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ, տարբեր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մէջ գործող կամաւոր տղաք:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ «Զում»-ի միջոցով կը կազմակերպուին նաեւ քննարկումներ` երիտասարդական քաղաքականութեան վերաբերող յանձնարարութիւններուն` թիւով 136, ինչպէս նաեւ անոնց առաջնահերթութիւններուն մասին խորհրդակցելու նպատակով:

«Նախագահ Աունի մօտ շօշափեցինք զօրակցութիւն եւ ընդառաջում այս ծրագիրներուն: Ան կը զօրակցի երիտասարդական քաղաքականութեան աշխուժացման` յատկապէս նկատի ունենալով, որ լիբանանցի երիտասարդներու մեծ համեմատութիւն մը կը տառապի անգործութենէ», շեշտեց նախարար Օհանեան-Գէորգեան` աւելցնելով, որ ինք համապատասխան նախարարութիւններու հետ պիտի գործակցի` երիտասարդական քաղաքականութիւնը աշխուժացնելու ի խնդիր:

Նաեւ՝ Անդրադարձ Թրքական Գործօնի

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց նաեւ Լիբանանի հայութեան անհանգստութիւնը ինչ կը վերաբերի անցնող շաբթուան ընթացքին որոշ թրքամէտ շրջանակներու մօտ հայութիւնը անարգելու տրամադրութեանց։

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան ճշդեց, որ Լիբանանի հայ համայնքը միշտ հաւատացած է համայնքներու փոխադարձ յարգանքի սկզբունքին՝ շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ եւ Օսմանեան կայսրութիւնը նկատուած է պատասխանատու։ Ան նշեց, որ Ցեղասպանութեան խնդիրը համայնքային շահագործումի կարելի չէ վերածել։

 

 

Նախորդը

Էրտողանի Հրամանով Պիտի Ստեղծուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Պայքարի Կառոյց

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը

November 9, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
Այզենքոթ Պիտի Կազմէ  Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Այզենքոթ Պիտի Կազմէ Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.