ՄԱՀԱԶԴ
Ազգային իշխանութիւնը կը գուժէ երկար տարիներու ուսուցիչ եւ ուսուցչական ասպարէզին մէջ վաստակ ունեցած կրթական մշակ
ՄԱՐՕ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 21 յունիս 2020-ին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ մասնաճիւղի հաւատաւոր անդամներէն
ՄԱՐՕ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 21 յունիս 2020-ին:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Անահիտ Ղազարեան
Տէր եւ տիկին Շահան եւ Գոհար Գանտահարեան եւ դուստրը` Ալիք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան եւ զաւակները` Կալի եւ Կարէն
Տէր եւ տիկին Արէն եւ Սանան Քերթէշեան եւ զաւակը` Արամ
Գանտահարեան եւ Աբովեան ընտանիքներ
Խիւտավերտեան եւ Քերթէշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ՄԱՐՕ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 21 յունիս 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 22 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ճիւնիի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութեան համար գրել` shahank@hotmail.com ե-նամակի հասցէին:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Ազդակ»-ի ֆոնտին:
————————————-
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
«Ազդակ»-ի խմբագրական կազմին եւ պաշտօնէութեան անունով ցաւակցութիւն կը յայտնենք «Ազդակ»-ի տնօրէնին ու խմբագրապետին` Շահան Գանտահարեանին ու անոր ընտանիքին` անոր մօր, վաստակաւոր կրթական մշակ եւ երկար տարիներ սերունդներու դաստիարակութեան սատար հանդիսացած ՄԱՐՕ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆի մահուան առիթով:
————————————-

«ՔՈՐՈՆԱ»-Ի ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ՇՏԱՊԻ ՖՈՆՏԻՆ
Տիկին Անահիտ Բագրատունիի մահուան առիթով`
– Տէր եւ տիկին Արա եւ Վարդինէ Գէորգեան (երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար) 500.000 լ. ո.
– Մարաշի հայրենակցական միութիւն 2.000.000 լ. ո.
– Գոհար, Շահէ, Նար եւ Մարիա Խաչատուրեաններ 500.000 լ. ո.

