Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Իրանեան Ռմբակոծումը Եւ Թեհրանին Կոչ Կ՛Ուղղէ` Յարգելու Իրաքի Գերիշխանութիւնը

June 19, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռիատ Կը Դատապարտէ «Արաբական Անվտանգութեան
Սպառնալիք» Եղող Թրքական Եւ Իրանեան Յարձակումները

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի շրջաններուն իրանեան ռմբակոծումը եւ Թեհրանին կոչ ուղղեց` յարգելու Իրաքի գերիշխանութիւնը:

Իրանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Յեղափոխութեան պահակագունդի հրետանին ռմբակոծած է Անա եւ Հաժ Օմրան լեռնային շրջաններուն մէջ Իրանի կողմէ ահաբեկչական նկատուող Քրտական ժողովրդավարական եւ Քրտական Քոմալէ իրանեան կուսակցութիւններու դիրքերը:

Միւս կողմէ` Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ թագաւորութիւնը կը դատապարտէ «իրաքեան հողերուն դէմ թրքական եւ իրանեան յարձակումները»:

Նախարարութիւնը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, շեշտեց. «Այդ յարձակումը արաբական երկրի հարցերուն մերժելի միջամտութիւն մըն է եւ անոր հողերուն բացայայտ ոտնահարում, ինչպէս նաեւ արաբական անվտանգութեան ու շրջանային անվտանգութեան սպառնալիք,  նաեւ միջազգային սկզբունքներու եւ ուխտերու բացայայտ խախտում»:

«Սէուտական Արաբիան եղբայրական Իրաքի հանրապետութեան կողքին է իր գերիշխանութիւնը, անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու  նպատակով անոր որդեգրելիք քայլերուն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց կարգին դատապարտեցին Թուրքիոյ եւ Իրանի գործողութիւնները` զանոնք կոչելով «Իրաքի գերիշխանութեան եւ միջազգային օրէնքի խախտում»:

Երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ Արաբական Միացեալ էմիրութիւնները կը մերժեն արաբական երկիրներու ներքին գործերուն որեւէ միջամտութիւն` հակամարտող կողմերէն պահանջելով զերծ մնալ քայլերէ, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու Լիպիա Իր Այցելութիւնը Կը Նկատէ «Արդիւնաւէտ Եւ Շատ Օգտակար»

Յաջորդը

Սպանական Ֆութպոլ. Պենզեմա Գերազանցեց Ֆերենք Փուշքաշի Ցուցանիշը

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.