Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՄ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՄԸ ԵՒ ԱՏՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ ԿԱՆԽԱՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՏԻՒԼԼԱ ԿԻՒԼ

January 13, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Շարք Ասուաթ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով լոյս ընծայեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ հարցազրոյց մը, որուն մէջ Կիւլ այլ հարցերու կողքին անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի, թուրք-ֆրանսական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցերուն:

Անդրադառնալով օրինագիծի որդեգրման հարցին` Կիւլ յայտնեց, որ «մենք Ֆրանսան կը ճանչնանք իբրեւ մտքի, գրական եւ այլ ազատութեանց հայրենիք, սակայն ներկայիս տեղի ունեցող կասկածելի քայլերը պատճառ պիտի դառնան, որ ֆրանսական պետական կեցուածքէն դուրս եկող ոեւէ անձ պատժուի, նոյնիսկ եթէ գիտնական կամ պատմաբան է, ինչ որ օգտակար չէ:

«Մեր երկրին մէջ կրնան պետութեան համոզումներուն կամ իմ անձնական համոզումներուս հակասող գաղափարներ եւ սկզբունքներ ըլլալ, սակայն մենք այդ կեցուածքին հետ յարգանքով կը վարուինք, նոյնիսկ եթէ մեր մտածածին կը հակասէ: Սակայն Ֆրանսայի մէջ ատիկա արգիլուած պիտի ըլլայ: Հայերը կ՛ըսեն, որ թուրքերը 1915-ին հայ ըլլալնուն համար զիրենք ցեղասպանութեան ենթարկեցին, իսկ մենք կ՛ըսենք, որ ատիկա ցեղասպանութիւն չէ, այլ` պատմական իրադարձութիւններ: Այդ ժամակաշրջանին պատահեցան դէպքեր, երբ թրքական պետութիւնը Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Ռուսիոյ եւ այլոց դէմ 7 ճակատներու վրայ կը պատերազմէր: Ռուսական ուժերը հայերուն մէկ մասը գրգռեցին ընդհանուր ապահովութիւնը խախտող արարքներ կատարելու եւ անոնք վնասազերծուեցան, սակայն ոչ ցեղասպանութեան ճամբով: Յամենայն դէպս, իսլամ թուրքերը, ինչպէս նաեւ հայերը ցաւեր ապրեցան, սակայն թուրքերը Համաշխարհային Ա. պատերազմի պայմաններուն տակ ուրիշներէ աւելի տառապեցան:

«Եւրոպական մայրաքաղաքներէն շատեր իսլամական քաղաքներ էին, իսլամները այդ հանգրուանին շատ տառապեցան եւ պատերազմներուն պատճառով աւելի քան 500 հազար իսլամներ գաղթական դարձան: Պալքանեան երկիրներուն մէջ 3 միլիոն զոհ արձանագրուեցաւ եւ նոյնքան մարդ գաղթեց, նոյնպէս ալ Կովկասի ճակատին վրայ: Այդ իսլամները ո՞ւր են հիմա: Մենք մեր զաւակներուն, նոր սերունդներուն Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմած երկիրներուն մէջ պատահածին առնչութեամբ ատելութեան եւ ժխտական զգացումներ չենք սորվեցներ: Անոնց բռնութեան սկզբունք, վրէժխնդրութիւն եւ ատելութիւն չենք սորվեցներ:

«Հայերուն անկեղծ կերպով կ՛ըսենք, որ եթէ կ՛ուզեն, միացեալ յանձնախումբ մը կազմենք, մեր արխիւները ամբողջովին բանանք եւ ընդունինք տեղի ունենալիք պատմական հետաքննութեանց արդիւնքները:

«Մեր բոլոր թղթածրարները եւ արխիւները բացինք, ուստի ոեւէ հայ, արաբ կամ այլ անձ կրնայ տեսնել զանոնք, ներառեալ գոյութիւն ունեցող զինուորական թղթածրարները»:

Կիւլ յայտնեց, որ եթէ Ֆրանսա Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վաւերացնէ, այդ մէկը երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: «Մեր տարբեր մարզերու յարաբերութիւնները պիտի ազդուին», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

ԴԵՄՈՅԵԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԶՈՀ ԴԱՐՁԱԾ ՊՈՒԼԿԱՐԻԱՆ ՈՒՇ ԿԱՄ ԿԱՆՈՒԽ ՊԻՏԻ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Յաջորդը

«ՀՅԴ-Ն ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՉՍԱՏԱՐԷ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը  Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական  Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»
Հայկական

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»

November 28, 2026
Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման  Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին  Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»

November 28, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։