Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Յառաջիկային Աւելի Լայն Համախմբման Ականատես Պիտի Ըլլաք»

June 18, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բոլոր անոնք, որոնք որոշակի սպառնալիք կը ներկայացնեն իշխանութեան փոքր ցանկութիւնները իրականացնելու համար, անոնք բոլորը թիրախ են: Այս մասին երէկ` 17 յունիսին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:

«Իրենք սկսած են քաղաքական ուժերէն, այդ արշաւը պիտի շարունակուի, հակաքաղաքական կեցուածքներով, վիրաւորանքներով, պիտակաւորումներով, հասարակութիւնը թշնամացնելով, քաղաքական ուժերու եւ հասարակութեան միջեւ սեպ խրելով եւ բնականաբար, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու, լրագրողներու, բոլորին նկատմամբ պիտի իրականացուին բռնաճնշումներ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ՀՅԴ-ի, «Հայրենիք» եւ «Մէկ Հայաստան» կուսակցութիւններու համախմբման, դաշնակցական գործիչը ըսաւ. «Մեր նպատակն է ձեւաւորել այն համընդհանուր միջավայրը եւ համագործակցութիւնը, որ անհրաժեշտ դիմադրողականութիւն ցոյց կու տայ իշխանութեան հակապետական, հակաքաղաքական, հակասահմանադրական վարքագիծին»:

Արծուիկ Մինասեան աւելցուց. «Յառաջիկային աւելի լայն համախմբման ականատես պիտի ըլլաք: Երբ այդ համախմբումը ըլլայ եւ այդ ծիրին մէջ ներկայացուի գործողութիւններու ծրագիրը, հոն բոլոր հարցերուն պատասխանները կը տրուին»:

«Ակնյայտ է, որ երէկուան, նաեւ կիրակի օրուան գործողութիւններուն հիմնական մեղաւոր կողմը իշխանութիւնն է: Կիրարկուած ոչ իրաւաչափ եւ ոչ համաչափ ֆիզիքական ուժը ոստիկանական զօրքերուն կողմէ դատապարտելի է», ըսաւ դաշնակցական գործիչը:

 

 

Նախորդը

Գագիկ Ծառուկեանի Կալանքի Վերաբերեալ ԱԱԾ-ի Միջնորդութեան Քննութիւնը Պիտի Շարունակուի Այսօր

Յաջորդը

Փաշինեան Ալիեւին Կոչ Ուղղեց` Ցուցաբերելու Կառուցողական Մօտեցում Եւ Համաձայն Գտնուելու Իր Բանաձեւին Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.