Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1473-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 889-ի

June 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1473-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 9 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 6-ը տեղացիներ են, իսկ 3-ը` արտերկրի լիբանանցիներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 32 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 889 ուրիշներ` ապաքինած:

Նշենք, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարող բժշկական անձնակազմի անդամներէն մէկը վարակուած է:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, ներկայութեան տնտեսութեան, եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէի ստանձնեց շնչառական մեքենայ մը` սննդեղէն ներածողներու սենտիքային կողմէ:

Այս առիթով Հասան յայտնեց, որ ինչպէս տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը, նոյնպէս ալ այս սենտիքան պիտի արգիլէ, որ Լիբանանի մէջ սով եւ սննդեղէնի կարիք ըլլայ:

Ան բարձր գնահատեց սենտիքային կողմէ առողջապահութեան նախարարութեան յանձնուած շնչառական այդ սարքը` ընդգծելով, որ անիկա ճիշդ ժամանակին հասած է եւ մարդուն առողջութիւնը պաշտպանելու առումով կարեւոր օժանդակութիւն է, որ մեծապէս արժեւորուած է:

Համատ Հասան շեշտեց, որ նախարարութիւնը կ՛աշխատի բոլոր հիւանդանոցներուն մէջ պատրաստ վիճակը բարձր պահել, յատկապէս նկատի ունենալով Պէյրութի միջազգային օդակայանին վերաբացումը:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ առողջապահութեան նախարարութեան արձանագրած յաղթանակը բոլոր լիբանանցիներուն, կառավարութեան եւ վարչութեան յաջողութիւնն է, ինչպէս նաեւ գործակցութիւնը` լիբանանեան հանրութեան, որ յանձառու մնաց բոլոր ցուցմունքներուն:

Հասան գնահատեց բոլորին կողմէ ի գործ դրուած ճիգերը` հաստատելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւնները երկրին պետութեան ներուժէն շատ աւելի մեծ են:

Իր խօսքը ուղղելով սենտիքային` նախարար Հասան ըսաւ, որ ան կը ներկայացնէ գործակցութեան ազնուական օրինակը, որ մղուած է մարդկային զգացողութենէ:

Իր կարգին, Նաամէ շնորհակալութիւն յայտնեց սենտիքային` հաստատելով, որ այդ օժանդակութեամբ իրենք կը զօրակցին «Քորոնա» համաճարակին դէմ կառավարութեան մղած պայքարին:

Նաամէ դիտել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի «Քորոնա» ժահրի տարածման երկրորդ ալիքին` մաղթելով, որ այդ մէկը եւս կարելի կ՛ըլլայ հակակշիռի տակ պահել:

Նախորդը

Ուազնի Քումարճահի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Եւ Միջազգային Դրամատան Գործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

«Կառավարութեան Հրաժարելուն Կամ Զայն Տապալելուն Մասին Տեղեկութիւնները Անճիշդ Են, Իսկ Սուրիոյ Դաշնակիցները Զայն Պիտի Չլքեն` Անոր Դէմ Մղուած Տնտեսական Պատերազմին Ընթացքին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.