Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Որոշեց Ապահովական Կառոյցներուն Միջեւ Համագործակցութիւնը Ամրապնդել` Կանխարգիլելու Համար Խափանարարական Արարքները

June 16, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր, արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ, արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար, ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ, բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուր, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչի պաշտօնակատար դատաւոր Ֆատի Աքիքի, Մաքսատան գերագոյն խորհուրդի նախագահ գնդապետ-զօրավար Ասաատ Թուֆայլի, Մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահեր, Պետական անվտանգութեան փոխտնօրէն գնդապետ Սամիր Սանան, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ապահովական եւ զինուորական հարցերու խորհրդատու գնդապետ-զօրավար Պուլոս Մաթար:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ նախագահ Աուն նիստին ընթացքին շեշտած է, որ վերջին քանի մը օրերուն մայրաքաղաք Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած քանդումներն ու խափանարարական արարքները, որոնց մէկ մասը նաեւ համայնքային եւ յարանուանական խորք ստացած էր, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած եւ մնայուն կերպով բանակն ու ապահովութեան ուժերը յարձակումի թիրախ դարձնելու արարքները խիստ մերժելի են եւ վտանգաւոր զարգացումներու փողեր կը հնչեցնեն:

«Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այս խաղը շատ վտանգաւոր է, եւ պէտք է վերջ տալ անոր: Ան անհրաժեշտ նկատեց որդեգրել կանխարգիլող գործողութիւններու մարտավարութիւնը` կասեցնելու համար խուլիկանութիւններն ու չէզոքացնելու համար խափանարարական արարքները ծրագրողներն ու հրահրողները, ինչպէս նաեւ նման դէպքերու կրկնութեան առաջքը առնելու», հաստատեց Ասմար:

Ան նշեց նաեւ, որ վարչապետ Տիապ իր կարգին հաստատած է, որ երկրին մէջ պատահող իրադարձութիւնները անբնական են:

«Վարչապետը նկատել տուաւ, որ վստահաբար տեղ մը` ներքին թէ արտաքին, կամ երկուքը միասին, որոշում կայ նման արարքներ գործելու եւ երկրին ապահովական կայունութեան սպառնալու: Ան հաստատեց, որ քաղաքացիական անվտանգութիւնը ցնցելու փորձերը վտանգաւոր պատգամներ կը փոխանցեն, եւ անկարելի է այլեւս, որ այդ փորձերը կազմակերպող յանցագործին ինքնութիւնը անծանօթ մնայ», նշեց Ասմար:

Ասմար նշեց, որ վարչապետ Տիապ հետեւեալը ըսած է. «Խուլիկանները խափանարարական արարքներ կը կատարեն փողոցներուն մէջ եւ կը քանդեն երկիրն ու անոր հաստատութիւնները, իսկ պետութիւնը անոնց կը դիտէ: Ինչո՞ւ: Այս բոլորը անօթութեան եւ տնտեսական վիճակին դէմ բողոքի ցոյցեր չեն, այլ` կազմակերպուած քանդում: Պէտք է վճռական եւ հատու որոշում գոյանայ այս խուլիկանութիւնները զսպելու եւ անոնց վերջ տալու: Պէտք է կասեցնել նաեւ գրգռութիւններ հրահրողները, զանոնք ֆինանսաւորողներն ու անոնց աշխատանքները տնօրինողները»:

Ասմար նշեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը որոշած է ապահովական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդել` կանխարգիլելու համար խափանարարական արարքները, որոնք կը գործուին ապրուստի վերաբերող պահանջներու պատրուակով:

Ան ըսաւ նաեւ, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը որոշած է հետապնդել եւ խիստ պատիժներու ենթարկել կարգ ու կանոնը խախտողները:

Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի պատուիրակ, նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւններն ու Լեռնալիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:

Հանդիպումին ընդգծուեցաւ Լիբանանի դիմագրաւած պատմական այս զգայուն փուլին ընթացքին քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Եագուպ Սարրաֆ:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ազգային Կուսակցութիւններու Համախմբումը Կը Դատապարտէ Լիբանանահայութեան Դէմ Հրահրուած Գրգռութիւնները

Յաջորդը

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Ս. Սոֆիա Տաճարի Իսլամներու Եւ Քրիստոնեաներու Միջեւ Բաժնեկցութիւնը Կ՛Առաջարկէ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.