Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐԸ ՍՐԲԱԳՐԵԼՈՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՆ ԶԵՐՕ ԿԷՏԻՆ

January 13, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ընդարձակ նիստէն պահ մը

Լիբանանցի քաղաքացիին աշխատավարձը սրբագրելու նպատակով, աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս երէկ յետմիջօրէին նախագահեց ընդարձակ նիստի մը, որուն մասնակցեցան Տնտեսական խորհուրդները, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը, Սենտիքայական աշխատանքները համադրող խորհուրդը եւ Ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը:

Նիստէն ետք կատարուած յայտարարութիւններուն հիման վրայ յստակ դարձաւ, որ աշխատավարձերը սրբագրելու բանակցութիւնները հասած են զերօ կէտին:

Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան իւրաքանչիւր կէտին, որ մշակուած է անկեղծ եւ սրտբաց երկխօսութեան հիման վրայ:

Շամմաս նշեց, որ իրենք աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի յանձնած են այդ համաձայնութիւնը եւ պահանջած զայն օրինականացնել:

Շամմաս յայտնեց, որ իրենք կը վստահին աշխատանքի նախարարին եւ կառավարութեան, որպէսզի այդ համաձայնութիւնը օրինականացնեն եւ հրապարակեն անոր համապատասխան շրջաբերական մը:

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ աշխատավարձերուն յաւելումը պէտք է ըլլայ հարիւր առ հարիւր: Այսինքն` 500,000 լ. ոսկի ստացող քաղաքացիին ամսական աշխատավարձը կ՛ըլլայ 1,250,000 լ. ոսկի, 600,000 լ. ոսկի ստացող քաղաքացիին ամսական աշխատավարձը կ՛ըլլայ 1,200,000 լ. ոսկի, 1,000,000 ստացող քաղաքացիին աշխատավարձը կ՛ըլլայ 2,000,000 լ. ոսկի, իսկ 1,500,000 լ. ոսկի ստացող քաղաքացիին աշխատարձը կ՛ըլլայ 3,000,000 լ. ոսկի:

Ղոսըն նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ սղաճի այս համեմատութիւնը սկսաւ 2011 յուլիսին` աւելցնելով, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կը պահանջէ, որ յաւելումները վաւերացուին այդ թուականէն սկսեալ:

Ղոսըն դիտել տուաւ, որ համադաշնակցութիւնը կառչած կը մնայ Տնտեսական խորհուրդներուն հետ իր գոյացուցած համաձայնութեան` աւելցնելով, որ կը պահանջէ նաեւ փոխադրածախսն ու կրթաթոշակներու դրութեան պահպանումը:

Իր կարգին, Սենտիքայական աշխատանքները համադրող խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ գոյացած որեւէ համաձայնութիւն իրենց չի վերաբերիր, որովհետեւ իրենք չեն մասնակցած այդ համաձայնութեան ստորագրութեան:

Ղարիպ նշեց, որ Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը աշխատաւորներուն իրաւունքները չ՛երաշխաւորեր:

Միւս կողմէ, աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ իրենք կը գործեն հիմնական երկու յստակ տուեալներու վրայ, որոնցմէ առաջինն է Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, իսկ երկրորդը` նուազագոյն աշխատավարձն ու սղաճի համեմատութիւնը ճշդելու կառավարութեան պարտականութիւնը:

Նահհաս նկատել տուաւ, որ նիստին ընթացքին իրենք Տնտեսական խորհուրդներէն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութենէն պահանջած են իրենց համաձայնութիւնը օրէնքի վրայ հիմնաւորել:

«Այդ պահանջին իբրեւ արդիւնք, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը 100 առ հարիւրի համեմատութեան համազօր յաւելում պահանջեց, մինչդեռ Տնտեսական խորհուրդները որոշ թուային պատկերացում մը չտուին», ըսաւ Նահհաս:

Աշխատանքի նախարարը աւելցուց, որ նախարարութիւնը եւ կառավարութիւնը պիտի կատարեն իրենց պարտականութիւնը` ճշդելով նուազագոյն աշխատավարձը:

«Լիբանանեան պետութիւնը եւ կառավարութիւնը պատասխանատու են օրէնքին գործադրութեան, այսինքն` նուազագոյն աշխատավարձի եւ սղաճի համեմատութեան ճշդումին», շեշտեց Նահհաս` ըսելով, որ այլ նիստ մը գումարելու թուական չէ ճշդուած, «բայց եւ այնպէս որեւէ արտակարգ կամ շտապ հարցի պարագային մենք բոլոր կողմերը ընդունելու պատրաստ ենք», աւելցուց ան:

 

Նախորդը

ՍԱՐԱՖԱՆՏԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Յաջորդը

ԱՅՆ ԹԻՆԷԻ ՄԷՋ ՊԸՐՐԻ ՄԻՔԱԹԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ  Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»
Լիբանանեան

Աթալլա. «Պշարրէի Խումբի Գործին Մէջ Վերջին Խօսքը Արդարադատութեան Պէտք Է Ձգել»

November 28, 2026
Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ,  Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»
Լիբանանեան

Ամմար. «Մեր Լռութիւնը Տկարութեան Նշան Չէ, Այլ` Լիբանանի Շահերէն Մեկնելով Մեր Հեռատեսութեան»

November 28, 2026
Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական  Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պայրագտարեան Լիբանանի Ողիմպիական Յանձնախումբի Տագնապի Աւարտը Յայտարարեց

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։