
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եգիպտական «Հայաթ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խիստ զարմանք արտայայտեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի Արաբական լիկային ուղղած քննադատութեան նկատմամբ:
Ան ըսաւ, որ Արաբական լիկայի դէտերու առաքելութիւնը պիտի չկարենայ իրականանալ, որովհետեւ հարցը ներկայիս շատ բարդացած է` նշելով, որ Դամասկոսի մէջ գտնուող լիկայի գրասենեակէն իրեն հասած տեղեկագիրները շատ մտահոգիչ են: Ան աւելցուց, որ Արաբական լիկայի նախարարաց խորհուրդը ինք Սուրիոյ կացութեան վերաբերեալ որոշում պիտի որդեգրէ` վստահեցնելով, որ եթէ Արաբական լիկան այս հարցէն «իր ձեռքը քաշէ», տագնապի լուծման համար կախարդական գաւազան չկայ, որովհետեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կ՛ուզէր միջամտել, արդէն իրապէս միջամտած կ՛ըլլար եւ շարժելու համար լիկային պէտք չունի:
Արապի նշեց, որ «անկասկած այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, յեղափոխութիւն է», սակայն մտավախութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմ տեղի ունենայ, որովհետեւ այժմու դէպքերը այդպիսի պատերազմի կ՛առաջնորդեն: Ան բացառեց, որ Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցածը Սուրիոյ մէջ եւս կրկնուի` նշելով, որ միջազգային պայմանները ներկայիս չեն արտօներ, որ Միացեալ Նահանգներ սուրիական վարչակարգին հետ զինուորական բախում մը ունենան:
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի սուրիական իշխանութիւններէն պահանջեց չորեքշաբթի օր Հոմսի մէջ ֆրանսացի լրագրող Ժիլ Քաժիէի սպանութեան հանգամանքները յստակացնել: Չորեքշաբթի օր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ եւս սուրիական իշխանութիւններուն նոյն պահանջը ներկայացուցած էր:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ասատի հետ կապի վերջին թելը խզուած է` նշելով, որ «այն, ինչ որ Ասատ ներկայիս կ՛ընէ, շատ քիչ եւ շատ ուշ է»:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը սուրիացի ժողովուրդի օրինական պահանջներուն կողքին կը կանգնի, սակայն բարեփոխման ղեկավարումը միայն սուրիացի ժողովուրդին ձեռքն է, եւ «Թուրքիա ոեւէ մէկուն ինչ ընել կամ չընելու ցուցմունք չի տար»` վստահեցնելով, որ «Անգարա սուրիական ընդդիմութեան հետ կարգ մը տեսակէտներ կը բաժնէ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ Սուրիա Թունուզի, Եգիպտոսի եւ Լիպիոյ դասերէն չսորվեցաւ: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա իր փորձառութիւնը եւ տեսակէտները փոխանցելու գծով իր կարելին ըրած է, սակայն սուրիական վարչակարգը այլ ուղի մը ընտրած է:
Ան նշեց, որ «պատմութեան ընթացքը կը քալէ, եւ ոչ ոք կրնայ կամ անոր դէմ կենալ, ինչպէս նաեւ ոչ ոք կրնայ կասեցնել հոլովոյթ մը, որ արդէն իսկապէս սկսած է»: Տաւութօղլու վստահեցուց, որ «սուրիացի ժողովուրդը օր մը իր ազատ կամքով իր կառավարութիւնն ու խորհրդարանը պիտի ընտրէ»:
Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ վրայ ներկայիս գործադրուող ճնշումները մաս կը կազմեն Իրանի դէմ արեւմտեան արշաւին: «Կ՛ուզեն Դամասկոսը պատժել ոչ թէ ընդդիմութիւնը ճնշելուն համար, այլ` Թեհրանի հետ իր դաշինքէն հրաժարիլ մերժելուն համար», ըսաւ Փաթրուշեւ` աւելցնելով, որ «գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներ եւ Պարսից ծոցէն արաբական երկիրներ կ՛ուզեն Սուրիոյ ներքին հարցերուն իրենց ներկայ միջամտութիւնը վերածել զինուորական ուղղակի միջամտութեան` Լիպիոյ մէջ գործադրուած դիպաշարի` հիմամբ»:
Ան նշեց, որ «այս անգամ յարձակող ուժերուն մեծ մասը Ֆրանսայէն, Բրիտանիայէն կամ Իտալիայէն պիտի չգան, այլ` դրացի Թուրքիայէն, որ մօտիկ անցեալին Սուրիոյ հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունէր»` աւելցնելով, որ «Թուրքիա Իրանի հետ կը մրցի եւ մեծ ձգտումներ ունի»:
«Ուաշինկթըն եւ Անգարա արդէն իսկ ծրագիրներ կը մշակեն ստեղծելու թռիչքներու արգիլեալ գօտիներ, որոնց մէջ սուրիական ըմբոստ ուժեր կրնան կազմուիլ եւ հաւաքուիլ»:
Մինչ այդ` թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Էօնալ յայտնած է, որ թրքական ծովուժը իմացած է, թէ զէնք-զինամթերքով բեռցուած ռուսական «Շարիոթ» նաւը երէկ Սուրիոյ Թարթուս նաւահանգիստ հասած է: Նշենք, որ կիպրական իշխանութիւնները նախապէս գրաւած էին Սուրիա ուղղուող նշեալ ռուսական նաւը, ապա ուղղութիւնը փոխելու խոստումներ ստանալէ ետք, անոր արտօնած էին նաւարկել:
Միւս կողմէ, սուրիական լաւատեղեակ աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հաղորդեցին, որ այս ամսուան վերջաւորութեան պիտի յայտարարուի կազմութիւնը սուրիական նոր կառավարութեան մը, որուն մաս պիտի կազմեն նաեւ «հայրենասէր ընդդիմութենէն անձնաւորութիւններ»: Աղբիւրները նշեցին, որ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը այս նպատակին համար խորհրդակցութիւններ պիտի սկսին:


