Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մասս «Պիլտ» կայքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, թէ Չինաստան ապագայ գերտէրութիւն է, եւ թէ Փեքինի նկատմամբ եւրոպական միասնական ռազմավարութիւն պէտք է կիրարկել:
«Չինաստանը ապագայ գերտէրութիւն է: Չինաստանը Գերմանիոյ առեւտրական մեծագոյն գործընկերն է: Այնուամենայնիւ, Փեքինի հետ երկխօսութիւնը պիտի չսերտենք միայն տնտեսական եւ առեւտրական ոլորտի մէջ: Մեր արժէքներու ներկայացման համար Չինաստանի նկատմամբ եւրոպական միասնական ռազմավարութեան պէտք ունինք», հաստատած է գերմանական դիւանագիտութեան պետը:
Մաաս յոյս յայտնած է, որ սեպտեմբերին ծրագրուած եւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով յետաձգուած Եւրոպական Միութիւն¬Չինաստան վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ տարեվերջ:



