Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԸ` ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱԼԷՊԻ ԿՐԹԱՍԻՐԱՑ «Ս. ՉԵՄՊԵՐՃԵԱՆ» ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ

January 13, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքի մէջ հայապահպանման ծանր գործին դժուարութիւնն ու սպառնացող վտանգները ակնյայտ ու անուրանալի են բոլորին համար:

Հետզհետէ բարդացող մարտահրաւէրները նոյնիսկ երբեմն կրնան հասցնել յուսահատութեան, եթէ չգտնուին քաջալերող, խրախուսական եւ յուսադրող տուեալներ` անվհատ շարունակելու այդ առաքինութիւնը:

Խօսքը այս անգամ սովորական դարձած քաջալերանքի կամ պարգեւատրման մասին չէ, այլ` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ստորագրութեամբ Հալէպի Կրթասիրաց «Ս. Չեմպերճեան» երկրդ. վարժարանին յղուած պատուոյ գիրին մասին:

Օրեր առաջ Կրթասիրաց «Ս. Չեմպերճեան» երկրդ. վարժարանի տնօրէնութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ ստացած է շնորհաւորանքի ու գնահատանքի գիր մը` ուղղուած վարժարանի աշակերտութեան:

«Հալէպի Կրթասիրաց «Ս. Չեմպերճեան» երկրդ. վարժարանի աշակերտներին,

«Շատ սիրելի՛ հայ  երեխաներ,

«Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ ձեզ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօների կապակցութեամբ, մաղթում, որ գալիք տարին լինի հրաշքների ու անակնկալների, նուիրական երազանքների ու նպատակների իրագործման տարի: Իմ ամենամեծ ցանկութիւնն է, որ 2012 թուականը ձեր եւ աշխարհի բոլոր մանուկների կեանքում նշանաւորուի որպէս խաղաղութեան, բարեկեցութեան եւ բարութեան տարի:

«Թանկագի՛ն բալիկներ,

«Դուք չափազանց հարազատ եւ թանկ էք մեզ համար: Դուք էք այն ճրագը, որ մի օր վառուելու եւ լուսաւորելու է մեր ընդհանուր հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան մեծ ապագան: Վստահ եղէք եւ միշտ յիշէք, որ հայրենիքը կանգնած է ձեր կողքին եւ անհրաժեշտութեան դէպքում ամէն գնով կը պաշտպանի ու կը փայփայի ձեզ:

«Թո՛ղ որ առողջ ու տոկուն լինէք` շրջապատուած հոգատար եւ բարի մարդկանցով:«Թո՛ղ ժպիտն անպակաս լինի ձեզանից:

«Թո՛ղ ձեր մանկական հոգիների մաքրութիւնն ու պարզութիւնը ուղեկցին ձեզ ողջ կեանքում:

«Եւ թո՛ղ բարձրեալը ձեզ ու մեր հայրենիքը:

«Սիրով` Սերժ Սարգիսեան»:

Անշուշտ մեծ ուրախութիւն է Կրթասիրաց «Ս. Չեմպերճեան» երկրդ. վարժարանի աշակերտութեան, տնօրէնութեան եւ ամբողջ աշխատակազմին համար արժանանալ հայրենիքի նախագահին ուշադրութեան եւ անոր պատուաբեր գնահատանքին ու խրախուսանքին: Մենք եւս մեր կարգին Կրթասիրաց «Ս. Չեմպերճեան» երկրդ. վարժարանին անունով մեր համեստ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ու շնորհաւորելով մեր վսեմաշուք նախագահին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը` կը մաղթենք քաջառողջութիւն, ուժ եւ աննկուն կամք` յաղթահարելու համար բոլոր դժուարութիւնները ի փառս մեր աննման հայրենիքին բարօրութեան, աննախադէպ բարգաւաճման եւ յաղթական վերելքին Սերժ Սարգսեանի ղեկավարութեամբ:

Կրթասիրացի բերկրանքը չի սահմանափակուիր նախագահ Սերժ Սարգսեանի պատուոյ գիրով: Տարբեր մրցանակներու արժանանալով` 2011 թուականը յայտկանշական դարձաւ Կրթասիրացի համար: Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Մեր լեզուն մեր հայրենիքն է» շարադրութեան մրցումին, որուն մասնակցած էին սփիւռքի բոլոր հայ աշակերտները, Կրթասիրաց «Ս. Չեմպերճեան» վարժարանի ԺԲ. կարգի ուսանողուի Նարինէ Սեմերճեան արժանացաւ առաջին մրցանակի եւ Ը. կարգի աշակերտ` Արարատ Մաշլումեան` երկրորդ մրցանակի: Դարձեալ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսին կազմակերպած «Մայրենի լաւագոյն ուսուցիչ» առաջին մրցանակին արժանացաւ Կրթասիրաց «Ս. Չեմպերճեան» վարժարանի վաստակաշատ ուսուցչուհի Էլիզապւթ Քիւրիւմլեան` Դանէլեանը: «Կտոր մը հայրենիք» գրական մրցոյթին առաջատար հանդիսացաւ Կրթասիրաց մշկթ. միութեան ներկայացուցիչ Միհրան սրկ. Պալգէորգեանը: Սփիւռքի մէջ հայապահպանման գործի մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար Կրթասիրաց մշկթ. միութիւնը, որպէս լաւագոյն երիտասարդական կազմակերպութիւն, սփիւռքի նախարարութեան կողմէ դարձեալ արժանացաւ մրցանակի:

Կրթասիրացի մեծ ընտանիքի անունով մեր շնորհակալութիւնները կը յղենք սփիւռքի նախարարութեան, նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ բոլոր այն մարդոց, որոնք կ՛ամրապնդեն հայրենիք-սփիւռք կապերը եւ հնարաւորինս կը կրճատեն տարածութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, թէկուզ հեռու, ինքզինք զգայ հայրենիքի հովանիին տակ, հայրենիքով հպարտ ու պատրաստ` կառուցելու վաղուան հզօր Հայաստանը:

ԹԱՄԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆ

Հալէպ

Նախորդը

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ… ԹՈՒՐՔԸ

Յաջորդը

ԳՐԱՍԵՂԱՆԻ ՆՕԹԵՐԷՍ. «ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՒԻՂՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.