Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ցաւ յայտնեց Լասայի մէջ արձանագրուած վարկաբեկիչ արտայայտութեան դէպքին համար:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լասայի մէջ մարոնի համայնքին պատկանող հողային տարածքները երկրագործներու կողմէ օգտագործելու աշխատանքին արգիլումը բանաւոր խափանարարական արարք կը նկատուի:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ դարձեալ հնչող քաղաքական լարուած բառամթերքին համար` ընդգծելով, որ պէտք է անսալ Ռայի պատրիարքին կոչին` Լիբանանը կառուցել եւ փրկել շինիչ երկխօսութիւն որդեգրելով եւ օրէնքին յարկին տակ իրաւունքները իրականացնելով:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունեց ապօրինի անցքերը փակելու որոշումը` մաղթելով, որ այդ անցքերուն փակումով աւարտի երկրին տնտեսական կեանքին վիժումը, որուն պատճառով Լիբանանի ազգային տնտեսութիւնը շատ տուժած է եւ հսկայ տառապանքներ ապրած:
Պասիլ Այցելեց Պքերքէ
Ռայի պատրիարքը յետմիջօրէին Պքերքէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ Լիբանանը կազմող բոլոր շերտերուն միջեւ ճիգերու համատեղումը` երկիրը փրկելու համար իր դիմագրաւած հեղձուցիչ տագնապէն:



