ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ուղղաթիռով մը հասաւ Սայտա, ուր ստուգեց լիբանանեան բանակի «Մոհամետ Զղէյպ»-ի անուան զօրանոցը: Զօր. Աունի այցելութեան առիթով Սայտայի թաղերուն մէջ որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ղատա Շրէյմի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Թրապուլսի հաստատեց, որ ժամանակը հասած է, որ Միէ Միէի մէջ բռնագրաւուած բնակարաններն ու կալուածները վերադարձուին իրենց տէրերուն:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ եւ երկրագործութեան նախարար Ապպաս Մուրթատա ընդգծեց, որ ատակութեան եւ թափանցիկութեան հիման վրայ նշանակումներ կատարելը առաջնահերթութիւն է` շեշտելով, որ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքին մասին Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքը համահունչ պիտի ըլլայ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի հարցին լուծումը երկրին մէջ միլիսի լուծման եւ անոր ապազինման մէջ կը կայանայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ, երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի կոչ ուղղեց մշակելու ամբողջական ծրագիր մը` լիբանանցիները պաշտպանելու համար հաւանական սովէ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենք երբեք մտահոգ չեն ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութեան կամ թիւին կրելիք փոփոխութեան հաւանականութեամբ:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ երէկ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթիի: Սաատ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրիի հետ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ խորհրդարանէն յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան պետութեան կողմէ բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու վերստանձնումին, որպէսզի անոնք իրենց գործունէութիւնը շարունակեն պետութեան պարտադրելիք նոր պայմաններուն լոյսին տակ:
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ յայտնեց, որ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքին նպատակն է մեր ժողովուրդը սովի մատնել:


