Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հեռակայ Զրոյց Աւօ Տօնիկեանին Հետ (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

May 23, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Կ՛ըսեն, որ ծնողքի, հարազատի ու բարեկամի կորուստը ծանր կը կշռէ. ճիշդ ու անառարկելի խօսք : Ըսուած է նաեւ, որ ազնուասիրտ ընկերոջ մահը, որուն հետ կապ ես ունեցեր տարիներ շարունակ, գերճնշող է, որովհետեւ անոր անակնկալ կամ անժամանակ մէկ պահու կեանքէ հեռանալը ձեւով մը ապշեցուցիչ հոգեվիճակի կը մատնէ շրջապատ մը ամբողջ, եւ պատահածին չհամոզուելու մտատանջութիւն մը կը հալածէ քեզ:

Այսպէս` արագ ու անակնկալօրէն մեզմէ հեռացաւ Աւօ Տօնիկեանը, որուն մահուան քառասուն օրերը անցեր են արդէն, եւ մեր ճիտին պարտքն է յիշել ու մեր շրջապատին փոխանցել անոր մարդկային նկարագիրի յատկանշելի գիծերը, աւելի՛ն. կուսակցականի հաստատ ու հարազատ ըմբռնումները:

Սիրելի՛ ընկեր,

Ուզեցի սեւով սպիտակ էջին յանձնել սրտի խօսքեր, որոնց բովանդակութիւնը, ողջուց յաճախ ըսած ենք քեզի` մե՛րթ կատակով, մե՛րթ քեզ «ջղայնացնելով», մե՛րթ մտերմիկ պատեհ առիթներու: Եւ, ահա՛, ուզեցի կրկին լոյսին բերել նոյն ապրումները, սակայն, այս անգամ դէպի անդենական ուղղուած, հոն, ուր կը գտնուիս արդէն` շրջապատուած բազմաթիւ հարազատներով եւ ընկերներով:

Հիւանդանոց անակնկալ փոխադրութենէ ճիշդ մէկ օր առաջ, ինչպէս գրեթէ ամէն կիրակի, տեսնուեցանք հարազատներուդ գործատեղին: Հոն էիր եկած նախքան եկեղեցի երթալդ: Հազիւ բարեւեցի, դէմքիդ վրայ զգալի էին խոր ապրումներ, տեսակ մը ներքին ցաւերուդ յանձնուած էիր: Ճիշդ է, որ նման հոգեվիճակի մէջ էինք բոլորս` նկատի ունենալով կեանքի տնտեսական թէ առողջապահական դառն պայմանները, ճիշդ է նաեւ այն, որ երբ հազուադէպ կը հանդիպէինք գործատեղիդ, տեսնելով քեզ քու առանձնութեան մէջ մտամոլոր, կամ «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթը ձեռքիդ, անմիջապէս փորձ կը կատարէիր փոխելու տրամադրութիւնդ եւ սիրով կը հիւրընկալէիր մեզ:

Սակայն, այդ օր, քիչ մը քեզ «ջղայնացնելէ» ետք, ըստ սովորութեան, երբ հարց տուի որպիսութեանդ մասին, ըսիր. «Այսօր, լաւ եմ, փառք Տիրոջ, վաղը չեմ գիտեր»: Ահա, այս քանի մը բառերը, որոնք սովոր էիր ըսել բոլորին միշտ, պիտի մնան մեր սրտին մէջ` քեզ եւ բարի սրտիդ զարկերը յիշեցնող:

Գիտեմ, որ մահաքունի յանձնուիլ բնաւ պիտի չփափաքէիր, որովհետեւ իբրեւ ազնուահոգի, բարեպաշտ, ընկերականութեամբ բաբախուն հայորդի, պիտի չուզէիր այս ձեւով խզուիլ շրջապատէդ եւ հրաժեշտ տալ բոլորին` այսպէս լո՜ւռ եւ անակնկալ: Վստահ եմ, քաջաբար պիտի դիմագրաւէիր հիւանդութիւնը, եւ, թէեւ անշարժ, գէթ արթուն վիճակի մէջ, բարի նայուածքով մը դիմաւորէիր այցելու ընկերներդ:

Սիրելի՛ ընկեր, մտերմիկ զրոյցներու ատեն կը խօսէիր անցեալի ապրուած կեանքիդ մասին, մանաւանդ` հասունութեան տարիներուն, զորս անցուցած ես քու պաշտելի կուսակցութեան յարկին տակ: Քեզի համար ՀՅ Դաշնակցութիւնը ազգային արժէք էր, քաջ կը հաւատայիր անոր առաքելութեան: Համոզուած էիր, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն, այսպէս ըսած, կազմակերպական փոթորկալից վիճակներուն, որ մեր կուսակցութեան գաղափարախօսութեան ու դաւանանքին հիմքը` հայութեան ծառայութիւնն ու պաշտպանութիւնն է եղած: Տարի մը առաջ այցելած էիր Հայաստան, տեսած ու ապրած հայրենիքի գեղեցկութիւնը եւ վերադարձած մեծ գոհունակութեամբ:

Թէեւ ունէիր ընկերական նախասիրութիւններ, մօտեցումներ, այդուհանդերձ, ատոնց խորքը մէկ էր` դաշնակցականի ուխտիդ տէր կանգնիլ եւ հաւատարիմ մնալ ընկերական ոգիիդ, որովհետեւ համոզուած էիր, որ, ունենալով հանդերձ սեփական կարծիք ու մօտեցում,  պէտք է զերծ մնալ անհասկացողութենէ եւ այլամերժութենէ:

Ընկերասէր էիր եւ հայկական աւանդական սովորութիւններու կառչած: Հիւրասիրութիւնդ, քեզի սեղանակից ըլլալու փափաքդ միշտ ճոխ է եղած, շնորհիւ քու ազնուասիրտ կողակիցիդ: Այո՛, կը սիրէիր հարազատ ու տոհմիկ պահերը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին յաջորդող եւ ամբողջ քառասուն եւ աւելի տարիներ ծառայեցիր ժողովուրդիդ` ստանձնելով կուսակցական զանազան պարտականութիւններ ու պաշտօներ, թեւ ու թիկունք կանգնեցար հակական վարժարանին ու  եկեղեցիին` խնամակալական թէ այլ յանձնախումբերու մէջ ծառայելով, մաս կազմեցիր ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին եւ եղար գործուն ընկեր շրջապատիդ մէջ: Վերջին տարիներուն, կեանքի վաստակն ու փորձառութիւնը շալակած, հեռու էիր յաւելեալ պարտաւորութիւններէ` բնական համարելով նման վիճակ:

Ճիշդ է, սիրելի՛ ընկեր, որ թաղումիդ օրը շրջապատուած էիր հարազատներովդ ու քանի մը ընկերով, «Քորոնա» ժահրի ստեղծած անսովոր պայմաններուն պատճառով, սակայն, հաւատայ, որ քեզ սիրող եւ յարգող ընկերներուդ սրտին մէջ էիր եւ անոնց աչքերուն արցունքի կաթիլները անպակաս էին: Այո՛, քանի մը ընկեր երգեցին «Վէրքերով լի»-ն ու հրաժեշտ տուին ազնիւ հոգիիդ ու բարի ժպիտիդ:

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր:

Խունկ ու մոմ անթառամ յիշատակիդ:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. « Շատ Կարեւոր Կը Նկատեմ Հայաստանի Եւ Արցախի Իշխանութիւններու Միջեւ Արդիւնաւէտ Համագործակցութիւնը»

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.