Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ներկայիս Օպամայի Կամ Պայտընի Նկատմամբ Հետաքննութիւններ Չեն Որոշուած» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան Նախարարը

May 20, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարար Պիլ Պար յայտարարեց, որ ներկայիս մտադիր չէ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի կամ անոր փոխնախագահ Ճօ Պայտընի դէմ 2016-ին Տանըլտ Թրամփի ընտրական գրասենեակին ու Ռուսիոյ միջեւ կապերու հաւանականութեան շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկման մէջ անոնց դերակատարութեան պատճառով հետաքննութեան նախաձեռնելու:

Ան այդպիսով մերժեց վերջին օրերուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այդ առնչութեամբ ուղղած կոչը:

Պար մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախկին վարչակազմին վերջին օրերուն Մոսկուայի եւ Թրամփի ընտրական գրասենեակին կողմէ սադրանքի հաւանականութեան շուրջ բացուած հետաքննութիւնը «մեծ անիրաւութիւն» էր եւ «որեւէ հիմք չունէր»:

Ան աւելցուց, որ նշեալ հետաքննութեան ձեռնարկման մէջ Օպամայի կամ Պայտընի «մեղսակցութեան մակարդակը ինչ ալ ըլլայ, հիմնուելով այսօր մեր տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութիւններուն վրայ, ես չեմ կարծեր, որ անոնք դատական հետապնդումի վտանգ կը դիմագրաւեն»:

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարը ցաւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արդարադատական համակարգը «վերջին տարիներուն իբրեւ քաղաքական զէնք օգտագործուեցաւ»:

«Ապագային նախագահական որեւէ թեկնածուի դէմ ձեռնարկուելիք հետաքննութիւն պէտք է հաւանութեանս արժանանայ», նշեց Պար:

Նախորդը

Գերմանիոյ Մէջ Անծանօթներ Թրքական Մզկիթի Դռնէն Խոզի Գլուխ Կախած Են

Յաջորդը

«135 Երկիրներ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարին Մէջ Թուրքիոյ Օգնութիւնը Խնդրեցին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Արաղչի. «Կացութեան Դիւանագիտութեան Ճամբով  Լուծման Յանձնառու Մնացինք, Սակայն Ուաշինկթըն  Յարձակումի Եւ Սպառնալիքի Ուղին Ընտրեց»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Կացութեան Դիւանագիտութեան Ճամբով Լուծման Յանձնառու Մնացինք, Սակայն Ուաշինկթըն Յարձակումի Եւ Սպառնալիքի Ուղին Ընտրեց»

November 17, 2026
Մոսկուա Կը Պնդէ` Ռուսիան Է  Հայաստանի Անկախութեան Երաշխաւորը
Միջազգային

Քրեմլին Չի Մեկնաբաներ Տոնպասը ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Դիմաց Զիջելու Առաջարկը

November 17, 2026
Փեքին. «Ճինփինկ 19 Նոյեմբերին Թրամփի  Եւ Փութինի Հետ Եռակողմ  Վեհաժողով Պիտի Գումարէ»
Միջազգային

Փեքին. «Ճինփինկ 19 Նոյեմբերին Թրամփի Եւ Փութինի Հետ Եռակողմ Վեհաժողով Պիտի Գումարէ»

November 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.