Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միսմարի. «Էրտողանի Երազները Պիտի Թաղուին Լիպիոյ Մէջ». Հինգ Երկիրներ Դատապարտեցին Միջերկրականի Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները

May 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները իրենց միջեւ գումարուած տեսաժողովէն ետք հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը` դատապարտելով այն ճգնաժամը, որ կը սպառնայ Միջերկրական ծովուն մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռեկնում»-ը:

Հինգ երկիրները տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան յաւելման ու շարունակական սադրիչ գործողութիւններու նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնը յայտնելով` ընդգծեցին, որ Թուրքիոյ կողմէ Միջերկրական ծովուն մէջ քարիւղի եւ կազի որոնողական աշխատանքները, որոնք տեղի կ՛ունենան Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ, կը հակասեն միջազգային օրէնքի արժեչափերուն:

Անոնք նոյն ատեն անօրինական համարեցին Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան միջեւ կնքուած պայմանագիրը, որ կը վերաբերի երկու երկիրներու ծովային սահմաններուն:

Հինգ երկիրները կոչ ուղղեցին` Լիպիոյ մէջ Ռամատան ամսուան առթիւ զինադադար հաստատելու: Անոնք դատապարտեցին Թուրքիոյ Լիպիոյ մէջ զինուորական ներկայութիւնը:

Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ Ազգային բանակի բանբեր զօր. Ահմատ Միսմարի,  մեկնաբանելով հինգ երկիրներու յայտարարութիւնը, յայտնեց. «Ատիկա շատ կարեւոր յայտարարութիւն է, որովհետեւ կը համարուի Լիպիոյ ազգային բանակի օրինականութեան ճանաչում, աջակցութիւն Լիպիոյ ազգային բանակի կողմէ գործադրուող խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնման ուղղութեամբ գործադրուող քայլերուն եւ կ՛ընդգծէ Լիպիոյ ազգային բանակի որոշիչ դերակատարութիւնը ահաբեկիչներու եւ ծայրայեղականներու դէմ պայքարին մէջ:

«Իսկ ահա Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերի բարձրագոյն հրամանատարութեան, հակամարտութեան սրումին, ցոյց կու տայ նոր զինատեսակի օգտագործումը եւ Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ շահերը` հարց յառաջացնելով, թէ այստեղ ի՞նչ կ՛ընեն թրքական օդանաւերը, թրքական զինուորական մեքենաներն ու հարիւրաւոր թուրքերը, զինուորները, սպաները, հետախուզութեան աշխատակիցները եւ 17 հազար սուրիացիներ»:

Ըստ Լիպիոյ ազգային բանակի բանբերին, Էրտողանի երազները, որոնք աղերսներ չունին թուրք ժողովուրդի կամ թրքական ընդդիմութեան հետ, պիտի թաղուին Լիպիոյ մէջ, իսկ Թրիփոլիի մէջ թրքական դեսպանատան վրայ յարձակումներուն մասին լուրերը համարած է կեղծ:

Նախորդը

Անկլիքան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը Մեկուսացման Ժամանակ Գաղտնի Աշխատած Է Հիւանդանոցի Մէջ

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիրը «Քորոնա»-ի Համաճարակին Պատճառով Լայնածիր Սով Կը Նախատեսէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.