Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսի Մարդու Իրաւունքներու Հարցերով Հելսինքեան Յանձնախումբը Բուռն Կերպով Կը Քննադատէ Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները

May 14, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան «Քորոնա» ժահրի համաճարակը իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործէ` երկրին մէջ քաղաքական ճնշումներ կատարելու եւ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելու համար: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, «Ամերիկայի ձայն»-ը կը յայտնէ, որ այս մասին յայտարարած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մարդու իրաւունքներու հարցերու Հելսինքեան յանձնախումբի համանախագահներ քոնկրեսական Ալսի Հէյսթինկզը եւ ծերակուտական Ռաճըր Ուիքըրը:

«Այս համաճարակի ընթացքին առողջապահութեան վերաբերող քայլերը որեւէ ձեւով չեն արդարացներ քաղաքական բռնաճնշումները: Մենք մտահոգուած ենք զեկուցումներով, որոնք կը վկայեն, թէ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը աւելի կը սահմանափակէ սեփական քաղաքացիներու ազատ արտայայտման, մամուլէն ազատօրէն օգտուելու եւ տեղեկատուութեան իրաւունքը` կատարելով ձերբակալութիւններ, ճշդելով տուգանքներ, գործադրելով բռնութիւններ եւ, հնարաւոր է, խոշտանգումներ:

«Երկիրի իշխանութիւնները պէտք է դադրեցնեն այս համաշխարհային ճգնաժամի պատրուակով սահմանափակել Ազրպէյճանի ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան անդամներու, այլ գործիչներու եւ թղթակիցներու ազատ խօսքի իրաւունքը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ  հաստատուած է, որ վերջին շաբաթներուն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ազատազրկած, հարցաքննած եւ տուգանքի ենթարկած են, իսկ մէկ պարագային հաւանաբար, խոշտանգումներու ենթարկած են ընդդիմադիր գործիչներ եւ լրագրողներ:

Նախորդը

Ռուսիա Եւ Չինաստան Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն Սուրիոյ Վերաբերեալ Ապահովութեան Խորհուրդի Տեսաժողովը

Յաջորդը

ԵԱՏՄ-ի Ներկայացուցիչները Քննարկած Են «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Քայլերը

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.