Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 13, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ պետական մարզի պաշտօնեաները մայիս ամսուան համար միայն ամսական կէս աշխատավարձ պիտի ստանան: Ուազնիի համաձայն, ելեմուտքի նախարարութիւնը պետական մարզի մայիս եւ յունիս ամսուան ամսական աշխատավարձերը արդէն իսկ վաւերացուցած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի իֆթար մը սարքեց ի պատիւ հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Պուխարի հաստատեց, որ Տար Ֆաթուա իր հիմնական դերակատարութիւնը ունի լիբանանեան ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ ազգային տագնապներու լուծման մէջ: Ան բարձր գնահատեց Տար Ֆաթուայի չափաւորականութիւնը` հաստատելով, որ այդ մշակոյթին անհրաժեշտութիւնը միշտ կը շեշտուի միւֆթի Տըրիանի կողմէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ երէկ կոչ ուղղեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպին` վերատեսութեան ենթարկելու 2019-2020 ուսման տարեշրջանը վերսկսելու որոշումը: «Մենք կը պահանջենք նաեւ պետական քննութիւնները ջնջել` պաշտպանելու համար աշակերտներուն եւ ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն առողջութիւնը», ըսաւ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան օդանաւեր ոտնձգութիւն գործած են լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ կատարելով Քֆարքիլայի, Ռըմէյշի, Նաքուրայի, Պեքաայի, Պաալպեքի, Հերմելի եւ Ալմա Շաապի վերեւ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր ընդգծեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի կատարելիք բանակցութիւններուն կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանանի համար միակ լուծումը իրեն նկատմամբ ներքին լիբանանեան եւ միջազգային ընտանիքին վստահութեան վերականգնումն է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան լուրջ է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցելու առումով: Ան աւելցուց, որ Լիբանան պիտի ընդառաջէ ֆոնտին պարտադրած բարեկարգումի բոլոր կէտերուն, սակայն առանց իր գերիշխանութիւնը թիրախ դարձնելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ կառավարութեան համար առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ մաքսատան աշխատանքի բարեկարգումը, ինչպէս նաեւ մաքսատան համակարգը փտածութենէ փրկելու միջոցներուն նախաձեռնելը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ Հիւանդապահներու միջազգային օրուան առիթով շնորհաւորեց բոլոր հիւանդապահները` հաստատելով, որ անոնք անյայտ զինուորներն են ու հերոսները, որոնք արժանի են յարգանքի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի Հիւանդապահներու միջազգային օրուան առիթով շնորհաւորեց հիւանդապահները` բարձր գնահատելով անոնց զոհողութիւնները, յատկապէս այս փուլին, երբ անոնք կը պայքարին «Քորոնա» ժահրին դէմ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ հիւանդապահներուն համար իրենց տօնը կ՛իրականանայ, երբ անոնք իրենց բոլոր իրաւունքները կը ստանան: «Յարգա՛նք բոլոր հիւանդապահներուն եւ առողջապահական անձնակազմերուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանն ու լիբանանցին «Քորոնա»-ի համաճարակէն փրկելու համար», ըսաւ Հաշեմ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Հիւանդապահներու միջազգային օրուան առիթով ողջունեց բոլոր հիւանդապահները եւ անոնց զոհողութիւնները` նշելով, որ անոնք լուռ եւ նուիրուածութեամբ կ՛աշխատին հիւանդներուն վիճակը բարելաւելու համար, յատկապէս այս փուլին, երբ անոնք ուղղակիօրէն ենթակայ են «Քորոնա» ժահրին: «Յարգա՛նք եւ մեծարա՛նք բոլոր հիւանդապահներուն` իրենց տօնին առիթով», ըսաւ հրամանատարը: Նշենք, որ զօր. Աուն երէկ յետմիջօրէին Եարզէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին շեշտեց փտածութեան հեղինակները պատժելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման:

Նախորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Զօրակցին Լիբանանահայ Կարիքաւորներուն

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Որոշեց Չորս Օրով Երկիրը Լրիւ Փակել

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.