Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդատու Ղաթթաս Խուրի:
Հարիրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ, Զուիցերիոյ եւ Քանատայի դեսպանները: Քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մշակած տնտեսական-ելեւմտական ծրագիրը:
Դեսպանները հաստատեցին, որ այդ ծրագիրը լաւ նախաքայլ է` աւելցնելով, սակայն, որ կարեւորութիւնը կը կայանայ բարեկարգումներուն գործադրութեան մէջ:
Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:



