Երէկ` ուրբաթ, 8 մայիս 2020-ին Եռաբլուր պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ մայիսեան յաղթանակներուն եւ յատկապէս Շուշիի ազատագրութեան առիթով ձեռնարկ, որուն ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` շնորհաւորելով հայ ժողովուրդը, հաստատեց. «Շուշիի ազատագրումը հայ զինուորի սխրանքի, կամքի եւ ոգիի դրսեւորումն էր: Շուշիի ազատագրումով փոխուեցաւ արցախեան ազատամարտի ամբողջ ընթացքը, եւ սկսան մեր հետագայ յաղթանակները»:
Մայիսեան յաղթանակներուն, ի մասնաւորի` Շուշիի ազատագրութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման ամեակներուն առիթով 8 մայիսին Եռաբլուր պանթէոն այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Ազատամարտիկներու յանձնախումբի, ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան անդամներ, որոնք ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղեցին Արցախեան գոյապայքարին ընթացքին զոհուած հերոսներու շիրիմներուն` յարգանքի տուրք մատուցելով նահատակներուն յիշատակին:
«Մենք այսօր Եռաբլուրի մէջ ենք եւ հաշուետու ենք իւրաքանչիւր հերոսի: Հաշուետու ենք մեր կեցուածքով, մեր գործերով, մեր առօրեայով, որովհետեւ անոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին մեր հայրենիքին, հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման, Հայաստանի այսօրուան եւ ապագային համար: Մենք պէտք է վառ պահենք անոնց յիշատակը եւ շարունակենք իրենց կիսատ ձգած գործը», նշեց Ի. Սաղաթէլեան:
Ան հաստատեց, որ ներկայ սերունդը պէտք է դասեր քաղէ Արցախեան ազատամարտէն, պէտք է դաստիարակուի մեր հերոսներու ոգիով եւ շարունակէ անոնց գործը: Սաղաթէլեան նշեց նաեւ. «Պէտք է յստակ ձեւակերպել` մենք Արցախի մէջ սակարկութիւններու հարց չունինք, զիջումները բացառուած են, եւ պէտք է զարգանանք` չզիջելով»:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Ս. Լաւրովի վերջին յայտարարութեան` հայկական կողմին արձագանգը անբաւարար նկատելով. «Մենք շատ յստակ յայտարարած ենք, որ պաշտօնական Երեւանի այն հաւաստիացումները, որ սեղանին չկայ փուլային լուծման տարբերակ, մեզի վստահութիւն չեն ներշնչեր: Հայաստանի վարչապետը բառախաղերու միջոցով այդ հարցին յստակ պատասխանը չտուաւ, եւ մենք կը պահանջենք իրմէ` յայտարարել, որ Հայաստանը երբեք պիտի չքննարկէ տագնապի լուծման փուլային տարբերակը: Այդ իմաստով յստակ չէր վարչապետին` 7 մայիսին Ազգային ժողովին մէջ ունեցած ելոյթը: Հայաստանի վարչապետը պէտք է շատ յստակ եւ առանց բառախաղերու յայտարարէ, որ մենք փուլային տարբերակ չենք քննարկեր եւ պիտի չքննարկենք»:
Ի. Սաղաթէլեան նաեւ նշեց, որ իրենք մանրամասնութիւններ չունին, որպէսզի յստակ գնահատականներ հնչեցնեն բանակցային գործընթացին վերաբերեալ, բայց կը գիտակցին, որ Արցախի շուրջ տեղի ունեցած գործընթացները կը պահանջեն ուժերու կրկնակի լարում, աւելի պատասխանատու եւ հետեւողական աշխատանք:



