Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 8 մայիսին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց «Քորոնա» ժահրի ընկերային ու տնտեսական հետեւանքներու մեղմացման եւ խոցելի խաւերուն օգնութիւն տրամադրելու առումով Հռոմի եկեղեցւոյ եւ անձամբ Ֆրանչիսկոս պապին ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Երկուստեք շեշտեցին աշխարհին մէջ խաղաղութեան պահպանման ու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան մշակոյթի տարածման կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ վարչապետ Փաշինեան շատ կարեւոր նկատեց Ֆրանչիսկոս պապին կատարած համընդհանուր զինադադարի կոչը, ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ լուծման Հայաստանի յանձնառութիւնը:
Պապը մեծ գոհունակութեամբ ընդգծեց Հռոմի կաթողիկէ եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւնները: Ան վերահաստատեց իր դիրքորոշումը` Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ:



