Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Մէջ Տարածուած Է Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յուշագիրը

May 8, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի մէջ իբրեւ պաշտօնական փաստաթուղթ տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յուշագիրը` հասցէագրուած կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին` փետրուար 1992-ին ազրպէյճանական զինեալ կազմաւորումներէն Խոջալուի ազատագրման ժամանակ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կեղծելու Ազրպէյճանի չդադրող փորձերուն առիթով:

Փաստաթուղթին մէջ փաստարկներ կը բերուին առ այն, թէ Արցախի Հանրապետութեան ինքնապաշտպանութեան ուժերու գործողութիւնները` ուղղուած Խոջալուի մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական զինեալ ուժերու հրետանիի կրակային դիրքերու չէզոքացման, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի օդակայանի ապաշրջափակման, պայմանաւորուած էին բացառապէս ռազմական անհրաժեշտութեամբ եւ կը համապատասխանէին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն:

«Հակառակը` ազրպէյճանական կողմը վերը նշուած իրադարձութիւններու ընթացքին կատարած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքի շարք մը արժեչափերու կոպիտ խախտումներ: Մասնաւորաբար, ռազմավարական դիրքերու պահպանման նպատակով Ազրպէյճանի իշխանութիւնները որոշում տուած էին չհեռացնել քաղաքային բնակչութիւնը: Ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ պատսպարուելու նպատակով խաղաղ բնակչութիւնը  իբրեւ կենդանի վահան օգտագործելը ո՛չ միայն միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում է, այլ նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի ուխտի 8-րդ յօդուածի 2-րդ մասի Բ. կէտի 23-րդ ենթակէտին համաձայն, համազօր է ռազմական յանցագործութեան:

«Հետեւեալ հանգամանքներու ողբերգական զուգադիպումը, մասնաւորաբար` Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի արժեչափերու միտումնաւոր խախտումը, Ազրպէյճանի մէջ իշխանութեան համար պայքարը եւ ատով պայմանաւորուած` ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն մէջ հրամանատարութեան միասնականութեան բացակայութիւնը յանգեցուցին անոր, որ եղան մարդկային զոհեր` հակառակ Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերուն կողմէ իրականացուած պաշտպանական բոլոր քայլերուն, ներառեալ` գործողութեան մասին նախօրօք նախազգուշացումը եւ մարդասիրական միջանցքի ստեղծումը:

«Ազրպէյճան կը շարունակէ կեղծարարութեան եւ ապատեղեկատուութեան քաղաքականութիւն իրականացնել` ազրպէյճանական զինեալ կազմաւորումներէն Խոջալուի ազատագրման ժամանակ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ կեղծ պնդումներ տարածելով` ազրպէյճանական հասարակութեան մօտ հակահայկական ջղագարութեան եւ հայերու հանդէպ ատելութեան արմատաւորման նպատակով», կը նշուի Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յուշագիրին մէջ:

 

 

Նախորդը

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յստակացուց Քանատայի Պաշտօնական Կեցուածքը Արցախի Նկատմամբ

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Խոր Կերպով Ներգրաւուած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Երկխօսութեան Ընթացքը Ապահովելու Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Քենթ

RelatedPosts

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.