Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յստակացուց Քանատայի Պաշտօնական Կեցուածքը Արցախի Նկատմամբ

May 8, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 մայիսին ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին ուղղուած իր նամակին մէջ, Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնը յստակացուց Քանատայի պաշտօնական դիրքորոշումը Արցախի վերաբերեալ:

Հակառակ Արցախի մէջ կայացած համապետական ընտրութիւններու վերաբերեալ Անգարայի մէջ Քանատայի դեսպանատան կողմէ հրապարակուած դիւանագիտական անպատասխանատու և միակողմանի թուիթըրեան տխրահռչակ յայտարարութեան, նախարար Շամփայնը յստակօրէն յայտարարած է, որ Քանատան լիովին կ’աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործընթացին, տագնապի խաղաղ լուծման եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին, ի շարս այլոց, ինչպէս ամրագրուած է Հելսինքիի եզրափակիչ համաձայնագիրին մէջ:

«Հակառակ անոր որ կը զղջամ կայացած անհանգստութեան համար, որ այս յայտարարութիւնը յառաջացուց Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ քանատահայ համայնքին մօտ, ես ձեզ կը հաւաստիացնեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ մեր վաղեմի դիրքորոշումին մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէ ունեցած», նախարարը նշած է իր նամակին մէջ:

«Քանատայի դիրքորոշումը հիմնուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն վրայ, որուն մենք ամբողջովին կ’աջակցինք: Մեր դիրքորոշումը չի կանխարգիլեր այս գործընթացի արդիւնքը: Քանատան համաձայն է Մինսքի խմբակի հետ, որ տագնապի ռազմական լուծում մը անընդունելի է, եւ որ որեւէ բանաձեւ պէտք է նկատի ունենայ Հելսինքիի եզրափակիչ համաձայնագիրը», եզրափակած է նախարարը: «Մենք գոհացած ենք տեսնելով, որ նախարարը վերահաստատեց հաւասարակշռութիւնը` փաստօրէն գերազանցելով դեսպանատան կողմէ հրապարակուած անպատասխանատու յայտարարութիւնը, սակայն կը հաւատանք, որ տակաւին շատ գործ ունինք ընելիք այս ուղղութեամբ», այս մասին յայտնեցին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահներ Հրակ Տարագճեան եւ Շահէն Միրաքեան:

Նշենք, որ 3 ապրիլին, ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը նամակ մը յղած էր նախարար Շամփայնին` դատապարտելով Անգարայի մէջ Քանատայի դեսպանատան կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը, պահանջելով անոր ջնջումն ու համապատասխան պարզաբանումները: Յանձնախումբը նախարարէն նաեւ պահանջած էր տուն կանչել դեսպանը`  իր անպատասխանատուութեան եւ Քանատայի հաւասարակշռուած դիւանագիտական ընթացակարգը խախտելու պատճառով:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Փաթրիք Յովակիմեանի Թեկնածութիւնը Կ՛առաջադրէ Ազգային Տեղեկահաւաքի Ընդհանուր Խորհրդատուի Պաշտօնին

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Մէջ Տարածուած Է Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յուշագիրը

RelatedPosts

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.