Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Երթը Անշեղ, Հաստատ Եւ Ամուր Է

May 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Յարգելի բարեկամներ,

Երէկ , այցելեցինք Պէյրութի կեդրոնական հրապարակը եւ յարգեցինք 6 Մայիսի Լիբանանի նահատակաց օրը։

Դժբախտաբար, այս առիթը, անցնող տարիներուն, պետական եւ յատկապէ՛ս կառավարական մակարդակի վրայ՝ փորձուեցաւ այլափոխել իբրեւ էութիւն։ Այս առումով նաեւ  Լեռնալիբանանի մէջ Թուրքիոյ ի գործ դրած սովի եւ վայրագութեան վարքագիծը փորձ կատարուեցաւ դուրս բերելու հաւաքական յիշողութեան պարունակէն։

Այս առիթով, յիշեցնենք, որ 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հանրապետութեան նախագահ՝ Միշէլ Աունի, Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակի ձեռնարկներու մեկնարկման առիթով։ Այս հանդիպումին, նախագահը հաստատեց, որ կարելի չէ անդրադառնալ Մեծն Լիբանանի հռչակման, առանց նշելու անոր նախօրեակին Լիբանանի մէջ տիրած պայմանները , յատկապէս Լիբանանի սովը , որ լիբանանցիներու դէմ գործուած սպանդ մըն էր ։ Նախագահը մէջբերեց նաեւ Էնվէր փաշայի կողմէ Ճեմալ փաշայի յղուած խօսքը «հայերը սուրով ջարդեցինք, իսկ լիբանանցիները սովի պիտի ենթարկենք»։ Պատուիրակութեան անունով  Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակին առիթով Օսմանեան Թուրքիոյ կիրարկած անմարդկային վարքագիծը հաստատող Լիբանանի նախագահին պատգամը՝ լիբանանեան խիղճէն բխած պատգամ էր եւ պատմական անհերքելի  ճշարտութիւններ կը պարփակէր։

Հարկ է նշել նաեւ նախագահի պատգամը օրին, ժխտական հակազդեցութիւն ստացաւ քաղաքական կարգ մը կողմերէ։

Այսօր,  դարձեալ , երեւելի եւ աներեւոյթ գործօններու հրահրումով ճիգ կը կատարուի Մայիս 6-ի խորհուրդը նսեմացնելու, այս անգամ ժողովրդային ընդվզումի պիտակին տակ թաքնուած կարգ մը կողմերու դերակատարութեամբ, որոնց հովանաւորները իրենց ներշնչանքը կը ստանան նաեւ ծաւալապաշտ Թուրքիոյ ներկայի իշխանաւորներու կողմէ։

Պատմութիւնը նենգափոխելու թրքավարի այս վարքագիծը միշտ ալ արժանացած է համայն հայութեան, այս պարագային Լիբանանի հայութեան, յախուռն դիմակայումին։ Աւելի՛ն, լիբանանահայութիւնը երէկ, այսօր եւ վաղը նաեւ՝ իբրեւ պահանջատէր հաւաքականութիւն , պիտի շարունակէ այս օրը պահել իր հարազատ պատուանդանին վրայ։

Թող ո՛չ ոք՝ բարեկամ թէ թշնամի՝ համարձակի այս իմաստով մեր համոզումն ու երթը մշուշապատել, ծուղակներ ստեղծել, գրգռութիւն սերմանել։

Մեր ծաղկեպսակին ու յարգանքին մի՛շտ պիտի արժանանան 6 մայիսի նահատակները եւ պիտի յիշեցնենք Լիբանանի գալիք սերունդներուն նաեւ, որ թուրքը անցած է նաեւ այստեղէն։ Այսօր ան դարձեալ հոս է. այս առումով զգաստութիւնն ու ողջմտութիւնը պէտք է դառնան գերակշռող Լիբանանի պետական, ժողովրդային, հանրային բոլոր շրջանակներուն  մէջ։

ՄԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ ԵՆՔ ՈՒ ՄԵՐ ԵՐԹԸ ԱՆՇԵՂ, ՀԱՍՏԱՏ ԵՒ ԱՄՈՒՐ Է։

Նախորդը

Տեսակէտ. Ընդունելի Չէ

Յաջորդը

Հայաստան. Ներիշխանական Եւ Ներքաղաքական Ճգնաժամ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.