Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի՝«ՖԻՖԱ»-ի բժշկական կոմիտէի նախագահ Միշէլ Տհուկէ յորդորեց, «Քորոնա» ժահրին պատճառով դադրեցուած տարեշրջանը չվերսկսիլ, փոխանցեց The Telegraph-ը։
«Մենք կ՛ենթարկուինք պետական մարմիններու որոշումներուն։ Ֆութպոլը այժմ ամենէն կարեւոր բանը չէ։ Ես շատ ուրախ կ՛ըլլամ, որ մենք ֆութպոլին վերադառնանք օգոստոս-սեպտեմբերին՝ նոր տարեշրջանին, իսկ մինչեւ այդ ոչինչ չձեռնարկենք։
«Նաեւ նոր տարեշրջանին պէտք է արգիլենք խաղադաշտին մէջ թքելու երեւոյթը։ Այդ մէկը կրնայ իր վատ անդրադարձը ունենալ այդ ժահրին վարակման մէջ։ Ֆութպոլիստները պէտք է դեղին քարտով պատժուին թքելու համար», ըսաւ ան։
Նշենք,որ ցարդ չեն դադրեցուած Պիելոռուսիոյ, Թուրքմենիստանի, Նիքարակուայի եւ Թայուանի ախոյեանութիւնները։



