Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը սկսած է հետաքննել Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը:
Յանձնախումբը պահանջած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկու շաբթուան ընթացքին տեղեկութիւն տրամադրէ այդ որոշումին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Յանձնախումբի նախագահ, քոնկրեսական Էլիոթ Էնկել նշած է, թէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հեռու է կատարեալ ըլլալէ, եւ ինք կը զօրակցի կազմակերպութեան բարեփոխումներուն, սակայն, ի հարկէ, լուծում չէ այն, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը կրճատուի, այդ ալ այնպիսի ժամանակի մը, երբ աշխարհը կը բախի «Քորոնա»-ի ողբերգութեան:
Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին ուղղուած նամակին մէջ քոնկրեսականը արտաքին գործոց նախարարութենէն խնդրած է մինչեւ 4 մայիս տրամադրել փաստաթուղթերու 11 թղթածրարներ կամ ֆինանսաւորումը դադրեցնելու որոշումին առնչուած այլ տեղեկութիւն: Եթէ ատիկա տեղի չունենայ, յանձնախումբը պիտի սերտէ իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները:
Պահանջուող նիւթերը կը ներառեն ցանկը միջգերատեսչական խորհրդակցութիւններու, որոնք տեղի ունեցած են 1 դեկտեմբերէն մինչեւ 14 ապրիլ, եւ որոնց ընթացքին քննարկուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը, իրաւաբանական այն մարմիններու ցուցակը, որուն միջոցով վարչակազմը պիտի իրականացնէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան շուրջ հետաքննութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Թրամփ 14 ապրիլին դադրեցուցած էր Միացեալ Նահանգներու` Առողջապահութեան համաշախարհային կազմակերպութեան վճարումները` զայն մեղադրելով, որ «կեդրոնացած է Չինաստանի վրայ» եւ կը քարոզէ Չինաստանի «Քորոնա» ժահրի բռնկման մասին «ապատեղեկատուութիւնը»:
Թրամփ ըսած էր, որ իր վարչակազմը հետաքննութեան պիտի սկսի:



