Միացեալ Նահանգներ նոր սահմանափակումներ հաստատած են Չինաստան արտածման վրայ, ներառեալ` ճամբորդատար օդանաւերու բաղադրիչներու եւ կիսահաղորդիչներու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ նոր կանոններուն, ամերիկեան ընկերութիւնները պէտք է արտօնագիր ունենան Չինաստանի զինուորական կառոյցներուն որոշակի ապրանքներու մատակարարման համար, նոյնիսկ եթէ ատոնք նախատեսուած են քաղաքային օգտագործման համար:
Նոր կանոնները կրնան վնաս հասցնել կիսահաղորդիչներու արտադրութեան եւ Չինաստանի ճամբորդատար օդանաւերուն համար սարքաւորումներու վաճառքին:
Նախարար Ուիլպըր Ռոս այս գծով բացատրած է. «Կարեւոր է հաշուի առնել առեւտուր կատարելու հետեւանքները այն երկիրներուն հետ, որոնք ունին ամերիկեան ընկերութիւններէն ձեռք բերուած ապրանքները զինուորական նպատակներու համար վերաուղղորդելու պատմութիւն»:



