Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով 2019-2020 տարեշրջանը վաղաժամ աւարտեցաւ:
Երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը Քլաուտիօ Ֆապիան Թափիա յայտարարեց ըսելով, որ այս ընթացքով կարելի չէ ախոյեանութեան վերսկսիլ:
Սակայն ցարդ անորոշ է այն կէտը, թէ որեւէ խումբ ախոյեան պիտի հռչակուի՞, կամ՝ոչ:
Ախոյեանութեան կիսատ մնալէն ետք, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ՝ Պոքա Ժունիորզ: Երկրորդ դիրքին վրայ է՝ Ռիվըր Փլէյթ: Անոնց միջեւ կէտերու տարբերութիւնը միայն մէկ կէտ է:



