Անգլիական «Փրեմիեր-Լիկ»-ի ղեկավարութիւնը մտադիր է, ախոյեանութեան վերսկսումէն ետք, ակումբներուն թոյլատրել հինգ մարզիկի փոփոխութիւն՝ մրցումի մը ընթացքին, այս մասին յայտնեց՝«The Sun»-ը:
Անիկա այս որոշումին եկաւ, նկատի ունենալով որ գերխճողուած յայտագիրին պատճառով, ֆութպոլիստները կրնան աւելիով վնասուածք ստանալ, քան ինչ որ կը ստանային նախապէս:
Նշենք, որ յառաջիկայ մայիս ամսուան ընթացքին, մարզիկները պէտք է որ սկսին իրենց փորձերուն (իրենց տուներուն մէջ), մինչ անոնք իրենց ակումբներուն հետ իրենց փորձերուն պիտի սկսին մայիսի վերջը:



